2012-12-04 11:56:29

Փութինի Այցելութիւնը ՝ Թուրքիա։


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ այցելեց Թուրքիա: Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանին մէջ զինք դիմաւորեցին Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ եւ Պոլսոյ նահանգապետ Հիւսէյին Ավնի Մութլու:
Փութին Պոլսոյ մէջ մասնակցեցաւ Ռուս-Թրքական բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 2-րդ նիստին, որուն աւարտին երկու կողմերը ստորագրեցին տնտեսական ոլորտի, մասնաւորաբար ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ ելեւմուտքի մարզերուն վերաբերող շարք մը համաձայնագիրներ, որոնց շարքին` Թուրքիոյ մէջ հիւլէական կայանի մը կառուցման համաձայնագիր մը: Ըստ համաձայնութեան, Ռուսիա կը ստանձնէ կայանի կառուցման համար անհրաժեշտ 20 միլիառ տոլարի ծախսը:
Համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Փութին տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Էրտողան ըսաւ, որ «Ռուսիա Թուրքիոյ պիտի օգնէ ուժանիւթի մատակարարման նպատակով հիւլէական կայանի մը կառուցման մէջ»:
Ան նշեց, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ քննարկած է սուրիական հարցն ու Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի անդամակցութեան հարցը: «Կը ջանանք կարելի եղածին չափ շուտ կասեցնել Սուրիոյ մէջ արձանագրուող բռնարարքները», ըսաւ Էրտողան:
Փութին իր կարգին նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ ընդունելութեան մակարդակը զինք համոզած է, որ բարեկամ երկիր մը կ՛այցելէ: Ան ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ պատմութիւնը անցեալին ցաւալի եղած է` աւելցնելով, որ «Թուրքիոյ մէջ ռուսական գերեզմանոցներու եւ Ռուսիոյ մէջ թրքական գերեզմանոցներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:
Ան ընդգծեց, որ սուրիական տագնապի լուծման սկզբունքներուն շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չեն գոյացուցած, սակայն աւելցուց, որ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն պարտականութիւն տուած են սուրիական տագնապի լուծման կերպին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:
«Մենք սուրիական վարչակարգին փաստաբանը չենք, մենք ապագային նկատմամբ մտահոգ ենք եւ չենք ուզեր, որ մօտիկ անցեալին գործուած սխալները գործուին, ինչպէս Լիպիոյ մէջ կատարուեցաւ», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը` աւելցնելով, որ «Արեւմուտքը պէտք է Սուրիոյ մէջ զինեալներուն իր աջակցութեան հետեւանքներուն մասին մտածէ»:
Պատասխանելով թուրք լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Ռուսիա կ՛երաշխաւորէ՞, որ Սուրիա Թուրքիոյ վրայ յարձակում պիտի չգործէ, Փութին ըսաւ, որ «Սուրիա ներկայիս անկարող է իր դրացիներուն վրայ յարձակում գործելու»:









All the contents on this site are copyrighted ©.