2012-12-04 13:29:00

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքի Մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Լիանսիտ Ժողովին։


Հարիսայի Պէթանիա կեդրոնին մէջ, 3 - 5 դեկտեմբեր, Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքները համախմբուած են միասնաբար ուսումնասիրելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարած ճամբորդութեան ընթացքին յանձնած ''Եկեղեցին Արեւելքի Մէջ'' առաքելական յորդորագիրի գործադրումի կարելիութիւնները։
Ժողովին կը մասնկացին Մարոնիներու` Պշարա Րայի Պատրիարքը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Պատրիարքը. Ասորի կաթողիկէներու Իգնատիոս Բ Եունան Պատրիարքը, Պապական Նուիրակ` Գերապայծառ Կապրիէլէ Գաչչիա եւ Ղպտի, Գաղտէացի եւ Լատին պատրիարքութիւններու ներկայացուցիչներ։ Նշենք որ սոյն համաժողովին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ՝ընկերանան արհի. տիարք. Պետրոս արք. Միրիաթեան եւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:
Բացման արարողութեան միացեալ աղօթքէն ետք (ըստ մարոնի ասորի ծէսին) նախագահութեամբ՝ Րաիի պատրիարքին, համաժողովին բացման խօսքը արտասանեց նոյնինքն կարտինալ Րայի, որ ակնարկելով Սրբազան Քահանայապետի առաքելական թուղթին մատնանշեց ''Քրիստոնեաներու իրաւունքն ու պարտականութիւնն է մասնակցիլ իրենց ապրած երկիրներու ազգային կեանքին, ինչպէս նաեւ ունենալ լիիրաւ հպատակութեան իրաւունք առանց փոքրամասնութիւն մը նկատուելու''։Քրիստոնեաները պարտաւոր են մահմետական իրենց հայրենակիցներուն հետ կիսել իրենց մշակոյթի արժէքները այնպէս ինչպէս կ՛ընէին 19-րդ դարու արաբական վերածաղկումի շրջանի ընթացքին -ըսաւ Րայի պատրիարքը շեշտը դնելով ''հաւատքի եւ պաշտամունքի ազատութեան վրայ''։
Երկու վտանգներ կը սպառնան շրջանի բոլոր հաւատացեալներուն (ոչ միայն քրիստոնեաներուն) ''կրօնական ծայրայեղութիւնը եւ ժխտական աշխարհականութիւնը'' այս երկու երեւոյթները արգելք կը հանդիսանան ''հաւատքի ազատ ու հրապարակային արտայայտութեան'' հաստատեց Մարոնի Պատրիարքը։
Պատրիարքի խօսքէն ետք սկիզբ առին դռնփակ ժողովները։
Երեք օրերու ընթացքին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքները կ՛անդրադառնան Քրիստոնեայ հաւատքի եւ արաբական աշխարհի Քրիստոնեաներու ապագայի հրատապ հարցին, յատկապէս շրջանի մէջ ապրուած վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ուր իսլամական կուսակցութիւններ իշխանութեան գլուխ անցան։








All the contents on this site are copyrighted ©.