2012-12-04 10:39:10

Հայ Գիրքի Փառաբանանքի Երեկոյ Սիրան Մանուկեան Սրահին Մէջ։


Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը այս առթիւ
Տըպպայէ- Լիբանան։ Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան, Տըպպայէի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փառաբանանքի երեկոյ «Հայ գիրքի տարուան» առիթով: Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տաթեւիկ Արթինեանի: Երգչախումբը մէկ ժամուան տեւողութեամբ ներկայացուց փունջ մը երգեր, որոնց մէջ կը փառաբանէին հայ գիրքը եւ հայոց լեզուն, ինչպէս` «Հայոց տառեր», «Խօսք իմ որդուն», «Ով մեծասքանչ», նաեւ ժողովրդական երգեր, ինչպէս` «Կռունկ», «Այ իմ վարդին» եւ այլն: Նաեւ՝ ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, Համբարձում սրկ. Պալըքճեան եւ Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեան։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Յասմիկ Գասպարեան` դաշնակով, Խաժակ Խաչատուրեան` ջութակով, իսկ Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան ընթերցեց հատուածներ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին «Հայ գիրքի տարուան» հռչակագիրին: Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց վեհափառը, որ նկատել տուաւ, թէ «Շնորհալի» երգչախումբը տարբեր հմայք ունէր սոյն երեկոյին ընթացքին, որովհետեւ անիկա սովորական համերգ մը չէր, այլ` հայ գիրքի փառաբանանքն էր, հայ գիրքի սրբազան պատարագն էր:
՜՜Հայ գիրքի փառաբանանքը կատարուած է մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին… հայ գիրքը մեր կեանքին մէջ եղած է կենդանի ու կենդանարար ներկայութիւն, հաստատեց վեհափառը` աւելցնելով, հայ գիրքին մէջ կայ հայու հոգին, հայու հաւատքը, հայու կամքը, հայու տեսիլքը… Անիկա հայութիւնը կը պաշտպանէ, հայութեան դիմագիծը կը պահէ՝՝: Ան ընդգծեց, որ հայ եկեղեցին հայ գիրքը վերածած է սրբազան արժէքի մը, որովհետեւ հայ գիրքը պահած ու պաշտպանած է հայ ժողովուրդը կեանքի փոթորիկներուն դիմաց: Վեհափառը խրախուսեց եւ պատգամեց. ՜՜Հայ գիրք կարդացէ՛ք, հայ գիրք գրեցէ՛ք, որպէսզի հայ գիրքով մեր ժողովուրդը աւելի պայծառանայ, աւելի հայանայ, որովհետեւ հայ գիրքն է մեր ժողովուրդի անմահութեան ճամբան՝՝։ ՜՜Հայ գիրքը- եզրափակեց Արամ Ա.- կենարար է մեր կեանքին մէջ քրիստոնէական եւ ազգային իմաստով՝՝: Հուսկ՝ «Կիլիկիա» մաղթերգով փակուեցաւ ձեռնարկը:








All the contents on this site are copyrighted ©.