Շաբաթ լուսադէմին Քոնկոյի մայրաքաղաք Պրազավիլի օդակայանին մօտ արկածի մը ենթարկուած
է «Իլ-76» բեռնատար օդանաւը, որուն անձնակազմին 7 անդամները զոհուած են: Անոնցմէ հինգը,
(ըստ նախնական տուեալներու) Հայաստանի քաղաքացի են: Արկածը, դարձեալ (ըստ նախնական
տուեալներուն)տեղի ունեցած է անյաջող վայրէջքի պատճառով: «Իլ-76» բեռնատար օդանաւը
Պրազավիլ կ՛ուղղուէր Քոնկոյի երկրորդ մեծագոյն քաղաքէն` Փորթ Նուարայէն: