2012-12-03 12:16:55

Եգիպտոսի Գերագոյն Դատարանը ՝՝Իբրեւ Բողոք՝՝ Կը Դադրեցնէ Իր Աշխատանքերը։


Եգիպտոսի Գերագոյն դատարանը երէկ յայտարարեց, որ իր դիմագրաւած «հոգեբանական ճնշում»-ին դէմ իբրեւ բողոք անորոշ թուականով կը դադրեցնէ իր բոլոր աշխատանքները: Իսլամական ցուցարարներ երէկ արգելք հանդիսացան, որ դատաւորները սահմանադրութեան նոր բանաձեւին շուրջ վճիռ արձակելու համար ժողով մը գումարեն:
Նախագահ Մոհամետ Մուրսիի համակիրները կ՛ուզէին արգելք հանդիսանալ որեւէ վճիռի, որ հարցականի տակ կ՛առնէր Մուրսիի հրապարակած փաստաթուղթին օրինականութիւնը: Դատարանը երէկ յայտարարեց, որ կիրակի օր «եգիպտական արդարադատութեան պատմութեան մէջ ամէնէն սեւ օրն էր»:
Երէկուան զարգացումները մէկ կողմէ նախագահ Մուրսիի եւ իր իսլամական համակիրներուն, իսկ միւս կողմէ աշխարհիկ քաղաքական ընդդիմութեան եւ արդարադատութեան միջեւ ճակատումին մէկ արարն էր: Մուրսի 22 նոյեմբերին իր հրապարակած հրամանագիրով համապարփակ լիազօրութիւններ ստանձնեց եւ արդարադատութիւնը զրկեց իր որոշումները վիճարկելու որեւէ իշխանութենէ, ուստի յստակ չէ, թէ Գերագոյն դատարանի վճիռը շօշափելի ի՛նչ արդիւնքի պիտի յանգէր: Բայց եւ այնպէս, վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ անոր հրամանագիրին դէմ որեւէ վճիռ ուղղակի մարտահրաւէր մը պիտի ըլլար եւ այդ հրամանագիրը չեղեալ նկատելու ընդդիմութեան արշաւը պիտի քաջալերէր:
Մուրսի յայտարարեց, որ 15 դեկտեմբերին սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ հանրաքուէ տեղի պիտի ունենայ, եւ «բոլոր եգիպտացիներուն» կոչ ուղղեց հանրաքուէին մասնակցելու: Բայց ընդդիմադիրները կ՛ըսեն, թէ նշեալ նախագիծը հիմնական ազատութիւնները կ՛ոտնակոխէ:
Հուսկ Շաբաթ օր իսլամականները Գահիրէի մէջ հաւաք մը կատարեցին` բացագանչելով. «Ժողովուրդը նախագահին որոշումին կը զօրակցի»: Մինչ այդ, բազմաթիւ ընդդիմադիրներ սակայն կը շարունակեն Գահիրէի ՝՝Թահրիր՝՝ հրապարակին վրայ իրենց յայտարարած բաց նստացոյցը:








All the contents on this site are copyrighted ©.