2012-12-03 13:23:33

1988-ի՝ Երկրաշարժի ԻԴ. Տարելիցին Առթիւ՝ Դասախօսական Երեկոյթ


Եւ ՜՜Il lungo inverno di Spitak՝՝ Հատորին Ներկայացումը, Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանի Մէջ։
Հռոմ- 24 տարի անցաւ Հայաստանը հարուածած ահաւոր երկրաշարժին, (7 դեկտ. 1988) այս առթիւ, Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարանին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Լեւոնեան վարժարանի տեսչութեան, Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութեան ու Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին, Ուրբաթ 7 դեկտեմբեր 2012-ի՝ երեկոյեան ժամը 18.30-ին, տեղի պիտի ունենայ յիշատակի երեկոյթ մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի Մարիօ Մասսիմօ Սիմոնելլիի ՜՜Il lungo inverno di Spitak- Սպիտակի երկար ձմեռը՝՝ հատորին։
Հեղինակը Մարիօ Սիմոնելլին, մաս կը կազմէր Իտալիոյ Protezione Civile քաղաքացիական պաշտպանութեան խումբին, որոնք փութացին աղէտի վայրը, օգնութեան հասնելու աղէտեալներուն. ան իր յուշերը գրի առած էր, ապա զանոնք ամփոփուած հատորի մը մէջ։
Հատորի ներկայացման (Ուրբաթ 7 դեկտեմբեր 2012-ի՝ երեկոյեան) խօսք պիտի առնեն ի շարս որոնց՝ Լեւոնեան վարժարանի Մեծաւորը գերյ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Նորատունկեան, (RAI radio 1) Իտալիոյ Պետական ձայնասփիւռի խմբագրապետը՝ Sandro Capitani-ն, եւ Հռոմի Հայ համայնքի փոխ նախագահը՝ Տիար Ռոպէր Աթթարեան...
Աւարտին տեղի պիտի ունենայ նաեւ ընդունելութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.