2012-12-01 12:07:18

2012 Տարին' Հայ Տպագրութեան 500-ամեակը


Հայ Տպագրութեան 500-ամեակին Առիթով, Ուսումնասիրութեան Միջազգային Օր։
Իտալիա- Նախաձեռնութեամբ՝ Պոլոնիայի Alma Mater Studiorum Համալսարանի՝ դասական բանասիրութեան, պատմութեան, մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան բաժնին, ու նաեւ՝ Պոլոնիայի համալսարանի գրադրանին, հինգշաբթի 6 դեկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Ուսումնասիրութեան Միջազգային Օրը, Հայ Տպագրութեան 500-ամեակին առիթով։
Ձեռնարկը կը հովանաւորեն, Հ Հ պատուոյ հիւպատոսութիւնն ու Իտալիոյ մշակութային հարստութիւններու նախարարութիւնը։
Համալսարանի գրադարանի տնօրէն՝ Biancastella Antonino-ի, ու բանասիրութեան, պատմութեան, մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան տնօրէններ՝ Gian Mario Anselmi եւ Giuseppe Sassatelli-ի ողջոյնի խօսքերէն ետք, խօսք պիտի առնեն եւ ներկաները ողջունեն Գերյ. Հ. Եղիա Թ. Ծ. Վրտդ. Քիլաղպիան՝ Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհ. Աբբահայրը, եւ Տոքթ. Բիէթրօ Քուչուկեան՝ Իտալիոյ մէջ Հ Հ Պատուոյ Հիւպատոսը ։
Ապա պիտի բանախօսեն իտալացի եւ հայազգի փրոֆ.ներ՝ Կապրիէլլա Ուլուհոճեան, Մանէա Էրնա Շիրինեան, Alessandro Orengo, Chiara Aimi, Maria Gioia Tavoni, Աննա Սիրինեան, Paolo Tinti եւ Davide Ruggeri:
Ուսումնաժողովը պիտի փակուի համերգով մը որուն ընթացքին հայրենի սոփրանօ՝ Նարինէ Սբանեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Թէրէզա Մարիա ֆետերիչիի, պիտի հրամցնեն ներկաներուն հայկական աւանդական ու ծիսական երգեր...








All the contents on this site are copyrighted ©.