2012-12-01 12:20:38

1988-2012ին Հայաստանի Մէջ Արձանագրուած են ՝՝Էյտս՝՝ Ախտէ Վարակումի 1359 Պարագաներ։


30 Նոյեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարի Տեղակալ Սերգէյ Խաչատրեան յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ 2007էն ետք ՁԻԱՀի (AIDS)ի կամ ( SIDA)ի՝ յղի կնոջմէ մանուկին փոխանցուող պարագաներ չեն արձանագրուած, իսկ 2001 թուականէն ի վեր չեն արձանագրուած արեան տուչութեան ճամբով Էյտս-ի փոխանցման դէպքեր:
Ըստ բանախօսին, 1988-2012 թուականներուն Հայաստանի մէջ արձանագրուած են ստացուած դիմադրողականութեան պակասէ վարակումի 1359 դէպքեր, որոնցմէ 206ը՝ 2012ին: «ժահրի դրական հակազդեցութիւն ունեցողներու մէջ գերակշիռ մաս կը կազմեն արական սեռի ներկայացուցիչները՝ 954 այր մարդիկ , իսկ կիներու թիւը 405 է», յայտնած է բանախօսը՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ 26 մանուկներ ժահրի նկատմամբ դրական հակազդեցութիւն ունին։








All the contents on this site are copyrighted ©.