2012-11-30 13:02:54

Սուրիոյ Քիւրտերը Որոշած Են Համախմբուիլ Եւ Դաշնակցային Պետութիւն Մը Ստեղծել։


Ռուսական «Վրեմիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քիւրտերը որոշած են միաւորուիլ ու դաշնակցային պետութիւն մը ստեղծել: Այդ նպատակով նախապէս իրարու դէմ հակամարտող Ժողովրդավարական Միութիւն կուսակցութեան եւ Քրտական Ազգային Խորհուրդին միջեւ համաձայնագիր մը կնքուած է:
Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութեանց յաջողութեան նպաստած է իրաքեան քիւրտերու ղեկավար Մասուտ Պարզանին, որ այս պարագային միջնորդի դեր կատարած է:
Ըստ երկկողմ համաձայնագիրին, երկու խմբաւորումները համաձայնած են միացեալ անվտանգութեան ծառայութեան ստեղծման, զինուորական ուժերու միաւորման եւ սահմանամերձ գօտիներու միացեալ հսկողութեան վերաբերեալ: Սակայն երկու քաղաքական ուժերն ալ Դամասկոսէն մէկ պահանջ ունին` քիւրտերուն պէտք է ինքնավարութիւն տրամադրուի, ինչպէս նաեւ շարք մը իրաւունքներ, որոնցմէ անոնք զրկուած են Հաֆեզ Ասսատի ու անոր յաջորդին` Պաշշար Ասսատի իշխանութեանց օրերուն:
Այն ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու ազգային համաձայնական մարմինի նկատմամբ կեցուածքներուն, ապա այս հարցին մէջ Ժողովրդավարական Միութիւն կուսակցութեան եւ Քրտական Ազգային Խորհուրդի մօտեցումները խիստ հակասական են: Ժողովրդավարական Միութիւն կուսակցութիւնը այդ մարմինի գործունէութեան յստակ դէմ կ՛արտայայտուի, իսկ Քրտական Ազգային Խորհուրդը տակաւին կ՛երկմտի` չբացառելով համագործակցութեան տարբերակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.