2012-11-30 12:15:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գոծունէութիւնը:
ֆրանսայի Եպիսկոպոսներուն Ունկնդրութիւն։


Ուրբաթ 30 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Գոնչիսթորօ Սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն կարգ մը եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Յետ միջօրէի ժամը 18-ին Նորին Սրբութիւնը կ՛ընդունի Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը Գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը։

ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն իր ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը վերյիշեց 2008-ի Լուրտի սրբավայրը կատարած առաքելական այցելութիւնը ու անդրադարձաւ եպիսկոպոսներու այս երրորդ խումբի թեմերուն իրողութեան ուր ''քրիստոնեայ հաւատքը ունի խոր արմատներ''։ Ան ապա մատնանշեց Նոր աւետարանութեան նիւթին ու այն պարտականութեան ''Բարի Աւետիսը հռչակելու բոլոր ժամանակներու մարդոց''։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ Հաւատոյ Տարուայ մասին յանձնառարելով եպիսկոպոսները այս տարուայ առթիւ աշխատելու '' վերագտնել հաւատքի վկայութեան նորոգումի գեղեցկութիւնը ''։ Ան ապա մատնանշեց աշխարհականներու առաքելութեան կարեւորութեան ''աշխարհականները - ըսա Սրբազան Հայրը- աշխարհի դիմագիծն են Եկեղեցւոյ մէջ ու միեւնոյն ատեն Եկեղեցւոյ դիմագիծը աշխարհի մէջ'' հուսկ գնահատական խօսք մը ուղղեց ֆրանսայի թեմերու մէջ գործող աշխարհականներուն։
Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց նաեւ կոչումներու նուազումի հարցին ու այդ ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքին որպէսզի երիտասարդները կարենան ունկնդրել Տիրոջ ձայնը։ Երիտասարադութիւնը եկեղեցւոյ ապագայի յոյսն են ու ասոր համար Կաթողիկէ դաստիարակութիւնը անհրաժեշտութիւն կը նկատուի։ ''Այս առընչութեամբ կաթողիկէ դպրոցները այսօր աւելի քան երբէք պատմական պատասխանատութիւն մը ունին նոր սերունդի կազմաւորման գծով - հաստատաեց Սրբազան Հայրը- ու մատնանշեց թէ ''Նոր աւետարանութիւնը կ՛անցնի նաեւ այս վայրերէն եւ Քրիստոնեայ արժէքներու դաստիարակութիւնը երկրի մշակոյթի բանալին են որ իսկական յոյսի եւ ճշմարիտ ազատութեան կ՛առաջնորդեն։
Սիրելի եղբարակիցներ- յարեց Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - ձեր հովուական առաքելութիւնը կը յանձնեմ Տիրամօր մայրական հոգածութեան որ ձեզի ընկերանայ ձեր առաքելութեան մէջ։ Ու ինչպէս ըսած էի 2008-ին ''հռոմէն ձեզի մօտ պիտի ըլլամ եւ երբ վատիկանի պարտէզներու մէջ գտնուող Լուրտի քարայրին առջեւ կանգ առնեմ ձեզի պիտի մտածեմ։ Թող Աստուած ձեզ օրհնէ








All the contents on this site are copyrighted ©.