2012-11-30 12:39:02

Դամասկոսի Ժարամանա Թաղամասի Մէջ Տեղի Ունեցած Բռնարարքին Նպատակն Է Մղել Տիւրզի եւ Քրիստոնեայ Համայնքները Ըմբոստութեան Արշաւին Մասնակցելու։


Դամասկոսի Ժարամանա թաղամասի ինքնաշարժի պայթումը պատճառած է 50 մեռեալ եւ աւելի քան 100 վիրաւորներ։ Բռնարարքին դրդապատճառն է պարտադրել թաղամասի տիւրզի եւ քրիստոնեայ բնակիչները մասնակցելու քաղաքացիական պատերազմին։ Զոհերու մեծ մասը աշակերտ-ուսանողներ են - յայտարարած է հայր Նիքոլա Հատտատ - մատնանշելով որ ահաբեկիչները Ալքայիտաի ոճը կը գործածեն պարտադրելով քրիստոնեաները երկրէն հեռանալու։
Իրաքէն ետք Սուրիան քրիստոնեաներէն կը պարպուի եւ օտար ոյժերը միջազգային հասարակութեան հետ միասին կը քաջալերեն քաղաքացիական պատերազմը փոխանակ երկխօսութեան դիմելու եւ երկու խումբերուն պարտադրելու կլոր սեղան նստիլ ու բանակցիլ եւ ընդհարումին լուծումներ գտնել, վերջ տալով անմեղներու ջարդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.