2012-11-29 12:49:41

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


29 նոյեմբերէն - 1 դեկտեմբեր 2012, Կարդինալ Գիւրտ Գոխը` Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը կը մեկնի Պոլիս մասնակցելու համար Տիեզերական Պատրիարքութեան պաշտպան սուրբին` Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնակատարութիւններուն, եկեղեցական փոխյարաբերական կապերու ծիրէն ներս ։

Հինգշաբթի 29 նոյեմբեր 2012-ին տեղի կ՛ունենայ ''Միութեան Ի Սպաս'' Հռոմի համամիութենական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ''Ճանչնանք մեր եղբայրները'' վերտառութեամբ հանդիպումներու երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին Յոյն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Րէկտոր` Գերյարգելի Սիմէոն Գաթսինասը կը խօսի ''Օրթոտոքսներու'' մասին։

Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին պաշտօնական այցով մեկնած է Զուիցերիայ ուր ֆրիպուրկի համալսարանին մէջ պիտի զեկուցէ ''ի՞նչ կարելիութիւններ ունի աստուածաբանութիւնը որպէս ներկայութիւն այսօրուայ մշակոյթին մէջ'' նիւթին շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.