2012-11-29 12:09:00

Սուրիոյ Մէջ Բռնութիւնը Առանց Դադարի։ «Ռուսիա Սուրիական Հարցերուն Արտաքին Միջամտութեան Դէմ Է Եւ Սուրիոյ Մէջ Զինեալ Տագնապին Մասնակցելու Մտադրութիւն Չունի» Կ՝ըսէ Սերկէյ Լաւրով:


Հայ Զոհ Մը՝Դամասկոսի Ժարամանա Շրջանի Պայթումներու Պատճառով։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Արկումենթի է ֆաքթի» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ռուսիա սուրիական հարցերուն արտաքին միջամտութեան դէմ է եւ Սուրիոյ մէջ զինեալ տագնապին մասնակցելու մտադրութիւն չունի»` նշելով, որ «Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ զինուորական թեքնիք գործակցութեան նպատակը Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան պահպանումն է եւ երբէք անոր նպատակը սուրիական ներքին բեմին վրայ որեւէ ուժի աջակցիլ եղած է»:
Ան ըսաւ, որ Ռուսիա իր կարելին կ՛ընէ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ հակամարտող կողմերը բանակցութեան սեղան նստեցնելու համար, որպէսզի անոնք երկրին ապագայ քաղաքական վարչակարգին ուրուագիծին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:
Իսկ 28 Նոյեմբերի երեկոյեան Դամասկոսի մէջ երկու պայթումներ խանգարեցին մայրաքաղաքի արուարձաններէն Ժարամանա շրջանին առօրեան. Երկու ականուած ինքնաշարժներ իրերայաջորդ կերպով պայթեցան շրջանի կեդրոնական հրապարակին վրայ` պատճառելով ծանր վնասներ շուրջի շէնքերուն եւ ինքնաշարժներուն: Մեռեալներու թիւը հասած է 54-ի,իսկ վիրաւորներունը 120-ի։
Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ զոհերուն մէջ կայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած մէկ հայ կաթողիկէ` Ֆատի ՊՈԼՕ: Ժարամանա շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են մօտ 400 հայ ընտանիքներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.