2012-11-29 13:08:39

Եւրոպայի Կաթողիկէ Եւ Բողոքական Եկեղեցիները Ճնշում Կը Բանեցնեն Եւրոպայի Հասարակապետութեան Վրայ։


Զօրավիգ կանգնելու համար Յունաստանի` հարկաւոր է արդարօրէն ու մշտական լուծում գտնել Յունաստանի տնտեսական տագնապին։

Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի ու Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու քարտուղարները բաց նամակ մը ուղղած են Եւրոպայի Միութեան անդամներուն հրաւիրելով զանոնք լուծելու Յունաստանի տնտեսական տագնապը արդարութեամբ ու մշտական ձեւով։
Եւրոպայի եկեղեցիներու պատասխանատուները կը յիշեցնեն բարեացակամութեան ու զօրակցութեան արժէքներու կիրարկումը դուրս բերելու Յունաստանը ներկայ տագնապալից կացութենէն։ Անոնք իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն ի տես այն իրականութեան որ Յունաստանի բնակչութիւնը, տնտեսական տագնապի հետեւանքով, կղզիացումի մէջ կրնայ գտնուիլ ու երկիրը առաջնորդել այլ նոր քաղաքական տագնապներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.