2012-11-29 12:49:31

Աւելի Քան Հինգ Հազար Ուսանողներ Կը Մասնակցին Սրբազան Քահանայապետի Գլխաւորած Ժամասացութեան Արարողութեան։


Հռոմի Թեմի Համալսարանականներու Հովութեան գրասենաեկի նախաձեռնութեամբ` շաբաթ 1 դեկտեմբերի յետ միջօրէին, Սուրբ Պետրոսի անուան պազիլիքայի մէջ, կազմակերպուած է աղօթքի հաւաք մը, Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 5 հազար համալասրանականներ։
Հաւաքի բացումը կը կատարէ Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ակոսդինօ Վալլինին։ Արարողութեան ընթացքին նախատեսուած է ճրագներու լուսաւորում որ` Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, պիտի զետեղուին համալսարաններուն մատուռներու մէջ։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը որուն աւարտին Հռոմի ''Roma Tre'' համալսարանի ուսանողներու պատուիրակութիւն մը ''Պէլօ Հորիզոնդէյի'' Պրազիլցի ուսանողներուն պիտի յանձնեն համալսարանականներու պահապան սրբուհի ''Մարիամ Աթոռ Իմաստութեան'' սրբապատկերը, ի տես 2013-ի երիտասարադաց Համաշխարհային օրուան` որ պիտի նշուի Պրազիլի Րիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ 2013-ի յուլիսին։ Նշեմք որ շաբաթ օրուայ արարողութեան նախօրեակին, ուրբաթ 30 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 18-ին, Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ, նախատեսուած աղօթքի հսկում մը որուն կը նախագահէ Պէլօ Հորիզոնդէի արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Տէ Մէտէրիոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.