2012-11-29 12:46:04

29 Նոյեմբերը՝ Աղքատութիւնը, Ու Զայն ՜՜Դիմագրաւելու եւ Ջնջելու Միջոցները՝՝ Որոնելու Օր Է:


''Ինչո՞ւ Աղքատութիւն'' Թեմայով։
''Ինչո՞ւ Աղքատութիւն'' Թեմայով միջազգային ձեռնարկը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Եւրոպայի ու աշխարհի հեռուստակայաններու եւ Ռատիոկայաններու միջազգային ԷՊու հաստատութիւնը։
՜՜Ինչո՞ւ Աղքատութիւն՝՝ ձեռնարկին նպատակակէտն է, հանրային կարծիքին ուշադրութեան յանձնել, ՜՜ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող աղքատութեան հարցը՝՝։ Այս ձեռնարկին իր նպաստը կը բերէ նաեւ Վատիկանի Ռատիոն իր բազմալեզու բաժիններու միջոցաւ, հաղորդելով՝ լուրեր ՜՜աղքատութեան՝՝ թեմայի հայող։
Վատիկանի Ձայնասփիւռի մեր հայկական բաժինն ալ այս ձեռնարկին սատարեց, յատկացնելով՝ ՜՜Ինչո՞ւ Աղքատութիւն՝՝ վերտառութեամբ հաղորդաշար մը։
Այսօր, որպէս եզրափակում կը ներկայացնենք՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի վարդապետութէնէն քաղուած հատուածներ, որոնց մէջ Նորին Սրբութիւնը կը խօսի ''եղբայրակցութեան քաջութեան'' եւ կեանքի ու վարուելակերպի փոփոխութեան, յաղթահարելու՝ խեղճութիւնը աշխարհի մէջ։
Քրիստոնեաները պարտականութիւնն ունին դատապարտելու ՜՜չարը՝՝ վկայելու՝ մարդու արժանապատուութիւնը ու յառաջացնելու զօրակցութեան ձեւեր ի նպաստ ՝՝ հասարակաց բարիքին՝՝ որպէսզի մարդկութիւնը դառնայ միշտ առաւել չափով ՜՜ Աստուծոյ ընտանիք՝՝ը. այսպէս ըսած է Սրբազան Հայրը իր ճառին մէջ զոր արտասանած էր (15 հոկտեմբեր 2011-ի՝ Centesimus Annus հիմնարկի անդմաներուն առջեւ։
Մարդկութիւնը պէտք չ՛ունի միայն բարերարներու, այլ նաեւ՝ հեզ եւ ուղիղ մարդոց, որոնք Յիսուսի նման գիտեն իրենց եղբայրակիցներուն մօտ ըլլալ, նեցուկ կանգնիլ անոնց , նաեւ գործելով թեթեւցնել անոնց աշխատանքն ու յոգնութիւնը։ Մէկ խօսքով մարդկութիւնը յոյսի նշաններ կը փնտռէ։ Ու մեր յոյսի աղբիւրը Տիրոջ մէջ կը գտնուի այսպէս ըսած էր Սրբազան Հայրը (գարիթասի բարեգործական հաստատութեան անդամներուն առջեւ արտասանած Ճառին մէջ. 24 Նոյեմբեր 2011-ին)։
՜՜Աստուծոյ սէրն է որ կը փոխէ աշխարհը եւ յոյսով կը լեցնէ՝՝ այպէսով՝ Քրիստոնեաներու յանձնառումը աղքատներուն նկատմամբ, կը մեկնի արդարութեան գաղափարէն հասնելու համար ողորմութեան գործին .կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.