2012-11-29 12:03:50

29 Նոյեմբեր 2012՝ Նուիրուած ՝՝Ինչո՞ւ Աղաքատութիւն՝՝ Թէմային. ՝՝Why Poverty? Day՝՝ ։


Ռատիոհաղորդումի Եւրոպական Միութիւնը( EBU/UER) այսօր կը կազմակերպէ "EUROVISIONs Why Poverty? Day" Եւրոտեսիլով Պատկերասփռումներու յատուկ օր մը ,նուիրուած ՝՝աղքատութեան՝՝ թէմային։ Այս յատուկ օրը տեղի կ՝ունենայ ՝՝Ինչո՞ւ Աղաքատութիւն՝՝ ծրագրի մարզէն ներս,նախաձեռնութիւն մը իրագործուած ՝՝Steps International՝՝ի կողմէ ,գործակցութեամբը՝ BBC-ի(Անգլիա) եւ DR-ի՝այն է Տանիմարքայի Հեռուստա-Ռատիոյին։
Այսօր տեղի կ՝ունենան տարբեր ձեռնարկներ ,ընդ որս Միջազգային Խորհրդաժողով մը Գոբէնհակի մէջ ,որը ուղղակի կը պատկերասփռուի DR-ի կողմէ ։ Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի չորս ծագերէն եկած մասնագէտներ ու քաղաքական անձնաւորութիւներ ,ապա տեղի կ՝ունենայ վաւերագրային 8-ը ժապաւէններէն առաջինի հեռասփռումը ,ժապաւէնները պատրաստուած են այս Ծրագրի մասնակցող Եւրոպայի զանազան Հեռուստակայաններու աջակցութեամբը(ARTE ,BBC-DR,NPO,NRK,SVT,YLE) եւ իրագործուած են ութը կինոհաններու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.