2012-11-28 15:29:41

''Սուրիոյ Մէջ Արաբական Գառուն Մը Գոյութիւն Չ՛ունի'' Կ՛ըսէ Գերապայծառ Զէնարի։


Դամասկոսի մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Մարիօ Զէնարիի գնահատումով Սուրիոյ մէջ ''Արաբական Գառուն'' մը գոյութիւն չ՛ունի։ Մէկ տարուայ բողոքներու եւ բախումներէ ետք արտագին շատ մը գործօններ միջամուխ եղած են պատերազմին։ Բնակչութիւնը այլեւս ձայն չ՛ունի ու անոր միակ ցանկութիւնն է խաղաղ կեանքի վերադարձը ։
Նոյեմբեր ամսոյն սկիզբէն ի վեր, Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը ''դժողային'' է - հաստատած է Պապական Նուիրակը - անցեալ 26 նոյեմբերին 76 հոգի մահացան ու անոնց մէջ կային 10 անմեղ մանուկներ։ Մեռելներու թիւը ափսո՛ս չի հետաքրքրէր այլեւս հանրային կարծիքը ու դարձած է արդ սովորական երեւոյթ մը, աւելցուցած է Զէնարի գերապայծառը ու մտավախութիւնը յայտնած` որ պատերազմը մոռացութեան մատնուի։ Ան ապա կոչ ուղղած է որ Սուրբ Ծննդեան պատրաստողական այս շրջանին ընթացքին, աղօթել` Սուրիոյ համար եւ օրուան ընթացքին պահ մը յատկացնել երկրին բնակչութեան տառապանքներուն։
Գերապայծառ Զէնարի հուսկ մտահոգութիւն յայտնած է գաղթականութեան մէջ ապրող սուրիացիներուն կացութեան ի տես։ Արդարեւ անոնցմէ շատերը անտուն են ու կ՛ապրին վրաններու տակ եւ ենթարկուած են ձմեռուայ ցուրտին ու ապրուստի եւ սնունդի կարիքը ունին։
Առաքելական Նուիրակը հուսկ մատնանշած է ''առեւանգումներուն'' որոնք ամէն օր կը պատահին, դրամական հատուցումներու խնդրանքով եւ որ շատ մը ընտանքիներ յուսահատութեան կը մատնէ։ Ան ապա հաստատած է թէ մինչեւ օրս Եկեղեցին Երկրի միակ հաստատութիւնն է որուն բոլորը կը դիմեն` ըլլան անոնք քրիստոնեաներ, իսլամներ, ալաուիթներ կամ Սիւննիներ։ Եկեղեցականները իրենց կեանքը վտանքի մատնելով, կը ջանան վերահաստատել հաշտութեան ու ներումի միջավայր մը, նոյնիսկ երբ այս մէկը անկարելի կը թուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.