2012-11-28 13:02:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այսօր` չորեքշաբթի 28 նոյեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 10,30-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց հոն համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, որոնց շարքին էին նաեւ 500 իտալացի դատաւորներ ու դատական վարչակազմի անդամներ, ինպէս նաեւ Նիճէրիայէն աւելի քան 300 ուխտաւորներ ու Գորէայէն ժամանած կաթողիկէ աշխարհական 90 առաջնորդներ։

Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը, շարունակելով Հաւատքի մասին իր խորհրդածութիւնները, ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ անսահման ու յաւիտենական է։ Մեր սրտրերուն մէջ թափանցած է որպէսզի մենք ալ զայն փոխանցենք ուրիշներուն։ ''ին՞չպէս կարելի է մեր ժամանակակիցներուն խօսիլ Աստուծոյ մասին այսօր։ հարց տուաւ Նորին Սրբութիւնը ու պատասխանեց ըաելով.
''Ընթանալու ենք Աստուծոյ նմանութեամբ որ ուզեց մարդոց հետ հաղորդութեան մէջ մտնել։ Յիսուս երնկինքէն իջաւ որպէսզի մեզի սորվեցնէ ապրելու արուեստը։ Անոր մէջ մենք կը գտնենք Աստուծոյ դիմագիծը։ Աստուծոյ մասին խօսիլը հաւատքի աճում կը պահանջէ ու Յիսուսի ու Անոր Աւետարանի հետ մտերմութիւն ինչպէս նաեւ աղօթքի մէջ խորացում։ Որքան աւելիով զԱստուած նկատենք որպէս կեդրոն այնքան աւելի մեր հաւատքի հաղորդումը կը դառնայ պտղաբեր, հակառակ մեր տկարութիւններուն։''
Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ ''Ընտանիքը, նոր սերունդին հաւատքի փոխանցման մասնայատուկ վայր մըն է'' ուր ''ունկնդրութեան եւ երկխօսութեան մթնոլորտի մէջ, իւրաքանչիւր անդամ միւսին հանդէպ ըլլալու է Աստուծոյ սիրոյ նշան։''
Աստուծոյ մասին խօսիլը - շարունակեց Նորին Սրբութիւնը - կը նշանակէ խօսքով ու գործով հասկցնել որ Աստուած մեր կեանքի իսկական երաշխաւորն է։ Աստուծոյ մասին խօսիլը կը նշանակէ ուրախութեամբ, զօրութեամբ ու պարզութեամբ հաղորդել այն ինչ որ էական է. Յիսուս Քրոստոսի Աստուածը. Այն Աստուածը որ մարդեղացաւ, որ մեզ շատ սիրեց, մինչեւ իր կեանքը զոհելով մեզի համար ու մեզի համար Յարութիւն առաւ ։ Այն Աստուածը որ մեզի պարգեւեց Եկեղեցին որպէսզի միասնաբար ընթանանք ու Անոր Խօսքով ու Սուրբ Խորհուրդներով նորոգենք մարդոց քաղաքը ու զայն դարձնենք Աստուծոյ քաղաք։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ոռջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։
Յիսնակաց շրջանը որ պիտի սկսինք մօտ օրէն - ըսաւ Ան - ձեցի, սիրելի երիտասարդներ, ըլլայ խթան, վերագտնելու համար Քրիստոսի մէջ հաւատքի կարեւորութիւնը։ Ձեզ օգնէ, սիրելի հիւանդներ, ձեր տառապանքները դիմակայելու` ձեր նայուածքը ունենալով Մանուկ Յիսուսի վրայ ու ձեր մէջ, սիրելի նորապսակեալներ, աճեցնէ Աստուծոյ ներկայութեան իմաստը ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.