"Ոսկեգոյն Երանգներով Հրեշտակը" Երեւանի Այս Տարուայ Խորհրդանիշը։
Ամանորի տօներուն այս տարի Երեւանի խորհրդանիշը ոսկեգոյն երանգներով հրեշտակը պիտի ըլլայ,
իսկ տօնական ձեւաւորումները պիտի իրականացուին նոր մշակուած Ամանորի հայեցակարգի հիման
վրայ։ Մայրաքաղաքը այս տարուան տօնական օրերուն պիտի ներկայանայ ոսկեգոյն եւ կապոյտ գոյներով:
Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի արտաքին
ձեւաւորման եւ գովազդի վարչութիւնը: Մայրաքաղաքի տօնական ձեւաւորումները արդէն սկսած
են եւ պիտի ընթանան մինչեւ Դեկտեմբեր 20: Հանրապետութեան Հրապարակի վրայ տեղադրուած
գլխաւոր Տօնածառը ամբողջութեամբ պատրաստ պիտի ըլլայ Դեկտեմբեր 15-ին, իսկ լոյսերը վառելու
արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 20–ին: