2012-11-28 13:26:13

Հ Հ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին Այցելութիւնը Զմմառու Վանք


Այս առթիւ Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նախագահ Սարգսեանին յանձնեց Յակոբ Մեղապարտի արձանին մանրակերտը։
Երեքշաբթի 27 Նոյեմբերի երեկոյեան, (ժամը 17-ը 15 անց ) նախագահ Սարգսեան, ընկերակցութեամբ հայրենի պաշտօնական պատուիրակութեան, հասաւ Զմմառու վանք, ուր դիմաւորուեցաւ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի, Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի, հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններու, քաղաքական գործիչներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ:
Նախագահ Սարգսեան շրջելէ ետք Զմմառի վանական համալիրին մէջ, ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան մը, որուն ընթացքին Զմմառու վանքի մեծաւորը՝ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան յայտնեց, որ Զմմառու պատրիարքական միաբանութիւնը գոյատեւելու համար կը կարօտի մայր հայրենիքի հոգիին ու շունչին: «Լիայոյս ենք, ըսաւ ան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մեր միաբանութեան միջեւ այս հոգեւոր ու մշակութային փոխյարաբերութիւնները զարգանան ու ամրապնդուին եւ մեր միաբանութիւնը բախտաւորութիւնը ունենայ հայրենի հողերուն վրայ գրանցուելու ձեր նախագահութեան օրերուն»:
Ապա ամենապատիւ հոգեւոր տէրը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ողջունեց նախագահ Սարգսեանը եւ բարձր գնահատեց Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերը` ծառայելու ՜՜թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ սփիւռքին՝՝:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքը հաստատեց, որ 1991-էն ի վեր վատիկանեան եւ լիբանանեան դրօշակներուն կողքին կը ծածանի նաեւ Եռագոյնը:
Ան նշեց, որ երկու ամիս առաջ Զմմառու վանքը արժանացաւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին գնահատանքին, որ վանքին ընդմէջէն ուղղուած էր համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ հայկական արժէքներուն:
«Այս գնահատանքները անփոխարինելի պարգեւատրումն են Հայ կաթողիկէ Զմմառեան միաբանութեան քրիստոնէական եւ ազգային վաստակին», ըսաւ հոգեւոր տէրը:
«Պարո՛ն նախագահ, ձեր այցելութիւնը Հայաստանի եւ Զմմառու վանքին միջեւ նետուած կամուրջ մըն է, որ կը զօրացնէ մեր հաստատութիւնը` գործելու ի խնդիր Հայաստանի եւ հայկական պետականութեան հզօրացման», շեշտեց ան:
Խօսքին աւարտին՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը նախագահ Սարգսեանը պարգեւատրեց ՜՜Յակոբ Մեղապարտի՝՝ մանրաքանդակով:
Ապա խօսք առաւ նախագահ Սարգսեան, որ արժեւորեց լիբանանահայութեան ջանքերը` պահպանելու համար ազգային հայկական աւանդը, մշակոյթն ու ձեռագիրները` աւելցնելով, որ լիբանանահայութիւնը մշտապէս դրսեւորած է յարատեւելու իր աննկուն յատկանիշը:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ հայ ժողովուրդը իր բազմադարեան պատմութեամբ ունեցած է փառահեղ յաղթանակներ, մշակութային զարթօնքի, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական գոյութեան պայքարի մաքառումներ:
«Գոյատեւման պայքարը ինքնին հերոսական է, բայց նաեւ կը համակուիս հպարտութեան զգացումով, երբ կը գիտակցիս, որ հայը ամէնուր կրցած է բարիք ու արժանիք ստեղծել», նշեց ան:
Ան հայ ժողովուրդին անսպառ վերելք մաղթեց` ազգային երազներու իրականացման ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ յարատեւութիւն մաղթեց` ձեռք բերուած արժէքները սերունդէ սերունդ փոխանցելու եւ յարատեւ հարստացնելու գործին մէջ:
Հանդիսութեան աւարտին Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան եւ Մաշտոցի մատենադարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը:
Համաձայնագիրին նպատակն է ապահովել ժողովուրդին շահերը: Այս լոյսին տակ Մաշտոցի մատենադարանը փափաք յայտնած է ուսումնասիրելու եւ վերլուծելու Զմմառու մատենադարանի սեփականութիւնը եղող եւ մշակութային մեծ արժէք ներկայացնող ձեռագիրները, որոնք խտասալիկներով պիտի փոխանցուին մատենադարանին եւ ոչ թէ ձեռագիրները պիտի փոխադրուին Հայաստան:
Համագործակցութեան համաձայնագիրը ստորագրեցին Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան եւ Մաշտոցի մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան:
Պէտք է նշել, որ հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Ռոպերթ Մլքէեանի:








All the contents on this site are copyrighted ©.