2012-11-28 12:22:26

Եւրոմիութիւնը Կը Վերահաստատէ Արցախի Տագնապին ՝՝Խաղաղ Լուծում՝՝ Գտնելու Իր Դիրքը.


Եւրոմիութիւնը , Նոյեմբեր 27ին վերահաստատած է իր դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ միջոցներով կարգաւորելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:
Ըստ ատրպէյճանական «1news.az» կայքին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մահմուտ Մահմետկուլիեւի հետ հանդիպման ընթացքին, Եւրոմիութեան ընդարձակման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յատուկ յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ յայտարարած է ՝՝Եւրոմիութեան Տեսակէտը՝՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցին գծով:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակած են ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ հիմնախնդիրը վերածուած է երկարաժամկէտ հակամարտութեան մը: Ֆիւլէ յայտարարած է նաեւ, որ Եւրոմիութիւնը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի գործունէութեան, ապահովելու համար Մատրիտեան սկզբունքներու իրականացումը, որ տագնապին խաղաղ լուծման հիմը պիտի դառնայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.