2012-11-28 13:26:42

29 Նոյեմբերը ՜՜Աղքատութիւնը Ու Զայն Դիմագրաւելու Ու Ջնջելու Միջոցները Որոնելու Օր ՝՝ ՜՜Ինչո՞ւ Աղքատութիւն՝՝ Թեմայով։


Այսօր կ՝անդրադառնանք՝ UNESCO-Ի Մտահոգութեան Ի Տես Աշխարհի Մէջ Տիրող Կրթութեան Իրավիճակին։
UNESCO -ն' ՄԱԿ-ի՝ Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի Կազմակերպութիւնը, իր տարեկան զեկուցումով նշած է թէ ՜՜Զարգացող երկրներու մէջ երիտասարդներու շուրջ 20 տոկոսը ի վիճակի չեն ստանալու՝ տարրական կրթութիւնը՝՝։
Վկայակոչելով UNESCO-Ի զեկոյցի հեղինակներուն, France Press լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է ՜՜Կրթութեան ոլորտում ներդրում կատարելը անհրաժեշտ է երիտասարդներու համար՝՝։
UNESCO-Ի 2012 տարւոյն զեկուցումի մէջ ըսուած է. ՜՜Իւրաքանչիւր 8 երիտասարդներէն, մէկը՝ ՜՜անգործ է՝՝ աշխարհի մէջ, եւ իւրաքանչիւր 4 երիտասարդներէն մէկը կ՝աշխատի ցած եկամուտ ունեցող աշխատանքով, որու հետեւանքով ան կ'ապրի աղքատութեան գծէն ցած պայմաններու մէջ։ Իսկ երիտասարդներու մօտ մասնագիտութեան բացակայութիւնը աւերիչ երեւոյթ մը դարձած է ։
UNESCO-ն ահազանգ կը հնչեցնէ զարգացած երկրներուն, մատնանշելով որ այդ երկիրներու մէջ 160 միլիոն մեծահասակներ, չունին աշխատելու համար ՜՜անհրաժեշտ կրթութիւն եւ մասնագիտութիւն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.