2012-11-27 12:27:19

ֆրանսայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Անդամներուն Կանոնական Հնգամեայ Այցը Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին։


23 Նոյեմբերէն մինչեւ 3 դեկտեմբեր, ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի երրորդ խումբը որ կազմուած է Գլէրմոնդ, Լիոն, Մարսէյլ, Մոնփէլիէ եւ Թուլուզ թեմերու եպիսկոպոսներէն, կը ժամանէ Վատիկան հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն երկրորդ խումբի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անոնց արտասանած խօսքին մէջ ընդգծած էր թէ` Եկեղեցին չի կրնար լռել երբ մարդու արժանաւորութիւնը եւ հասարակաց բարիքը վտանգի մէջ են։
Սրբազան Հայրը ապա մատնանշած էր թէ ''Որպէս հովիւներ գիտակից ենք մեր սահմանափակ կարողութիւններուն սակայն վստահելով Քրիստոսին` գիտակցութիւնն ունինք նաեւ ըլլալու Հաւատքի հերոսներ որ, կղերին եւ հաւատացեալներուն հետ միասին, կը վկայենք Քրիստոսի պատագմը։
Նորին Սրբութիւնը ապա վերակոչած էր Հաւատոյ Տարին որպէս առիթ ''վստահութեամբ աճելու աւետարանի պատգամի հարստութեամբ'' ու շարունակած էր ըսելով ''Հասարակաց կարեւոր քննարկումներու մէջ Եկեղեցւոյ ձայնը որոշակի կերպով լսելի ըլլալու է, յարգելով անշուշտ Պետութեան ու եկեղեցւոյ իրավասութիւնները։ Քրիստոսի պատգամը միայն հոգեւոր իքնութիւն մը չի փոխանցեր այլեւ կը փոխանցէ` իմաստութիւն մը, արդիական հարցերուն պատասխաններ գտնելու համար ։
Արբազան Հայրը ապա խօսած էր սուրբ պատարագի կարեւորութեան մասին որ ''մարդկային պատմութեան կեդրոնական իրադարաձութիւնն է, մեր Փրկիչին` Քրիստոսի զոհաբերումը։ Անոր մէջ վկայուած է Աստուծոյ սէրը հանդէպ մարդկութեան։ '' Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձած էր երիտասարդներուն հաւատքը փոխանցելու մտահոգութեան մասին ինչպէս նաեւ ''ընտանիքի'' կարեւորութեան ու անոր ապրած մարտահրաւէնրներուն ու այս ուղղութեամբ Եկեղեցւոյ պարտականութեան` պաշտպանելու ու նեցուկ կանգնելու ընտանեկան կառոյցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.