2012-11-27 12:28:18

Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» Երգչախումբի Համերգը։


Հովանաւորութեամբ՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։
Հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին, Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Ռոպերթ Մլքէեանի, բացառիկ համերգ մը ներկայացուց կիրակի, 25 նոյեմբերին, Պէյրութի հայաշատ թաղամաս՝ Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ:
Ձեռնարկը Կազմակերպուած էր «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին եւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան՝ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի կողմէ։
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, ողջօյնի խօսքով հանդէս եկան Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Տիկին Զուարթ Նաճարեան։
Երգչախումբի խմբավարը՝ մայէսթրօ Ռոպերթ Մլքէեան ծանօթ է Հայրենիքի թէ արտասահմանի մէջ։ Ան 2005-ին հիմնած է Գիւմրիի «Պօղոսեան» կրթահամալիրի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը:
Գլխաւորաբար 7 դեկտեմբեր 1988-ի ահեղ երկրաշարժի զոհերու որբացած զաւակներէն բաղկացած, 7-23 տարիքի միջեւ տարուբերող պարմանուհիներու այս խումբը կը հաշուէր 25 հոգի, ընկերակցութեամբ` դաշնակահար Նայիրա Ալեքսանեանի: Բազմաթիւ մրցանակներով ու շքանշաններով պարգեւատրուած` վաստակաւոր մայեսթրօ Մլքէեան յատուկ բծախնդրութեամբ յայտնաբերած է այդ պարմանուհիներու երաժշտական եւ ձայնային շնորհները:
«Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը, շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդէս եկաւ. ներկայացնելով հայերէն ու օտար լեզուներով հանրածանօթ երգահաններու գլուխ գործոցներ, ինչպէս` Ռոպերթ Ամիրխանեան, Կոստանդին Օրբելեան, Էտկար Յովհաննիսեան, Մակար Եկմալեան, Շարլ Կունօ եւ այլն:
Այս առթիւ մայեսթրօ Մլքէեան, յատուկ շնորհակալութեամբ յիշեց հանրածանօթ երաժշտագէտ դոկտ. Էտի Թորիկեանի մատուցած նպաստը սոյն ձեռնարկի յաջողութեան` նշելով, որ ան մեծապէս նպաստած է սոյն համերգի նախապատրաստական ճիգերուն: Իր կարգին, դոկտ. Էտի Թորիկեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Մլքէեանին:
Աւարտին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր սրտի խօսքը արտասանեց` նշելով, որ երգը, հա՛յ երգը հոգեւոր սնունդ է, որուն միջոցով կը թափանցենք Աստուծոյ նկատմամբ մեր հաւատքին խորքը: Վերյիշելով անցնող հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայացած սիւնհոդոսի քննարկումները` Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կոչ ուղղեց երաժիշտներուն բարելաւելու երաժշտութեան որակը` ներշնչուելով մեր ծիսական դասական երաժշտութենէն: Հուսկ՝ Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ պահպանիչով փակուեցաւ ձեռնարկը:








All the contents on this site are copyrighted ©.