2012-11-27 13:06:38

Գաղթականութեան Հովութեան Նիւթին Շուրջ Եւորպայի Եպիսկոպոսներու Հաւաք Հռոմի Մէջ։


Հռոմի Տոմուս Մարիէ կեդրոնին մէջ, 27 - 29 նոյեմբեր, տեղի կ՛ունենայ եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի պատուիրակութիւններու հաւաքը '' հաղորդութեան հովութիւն մը վերանորոգուած աւետարանումի ի սապս'' նիւթով, որուն ընթացքին եպիսկոպոսները մօտէն պիտի ուսումնասիրեն գաղթականներու հովութեան հարցը եւրոպայի մէջ։
Երեքշաբթի 27 նոյեմբերի յետ միջօրէին աշխատանքներու բացումը կը կատարէ Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիոն` նախագահը Գաղթականութեան եւ Թափառաշրջիկներու Քահանայապետական Խորհուրդին, որմէ ետք խօսք կ՛առնեն Կարդինալ Եոզիբ Պոզանիչ` Զակապրիայի արքեպիսկոպոսը ու գերապայծառ Ճանբաոլօ Գրեփալտի` Իտալիոյ Թրիէսթէ թեմին եպիսկոպոսը։
Չորեքշաբթի 28 նոյեմբերին նախատեսուած է Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ`գերապայծառ Սալվաթորէ ֆիզիքելլայի ելոյթը որ կը զրուցէ ''եկեղեցական հաղորդութեան վկայութիւնը ի սպաս Նոր աւետարանութեան'' նիւթին շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.