2012-11-26 12:24:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Նոր Նշանակուած Կարդինալները։


Երկուշաբթի 26 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ կարգ մը եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 12-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց, անցեալ շաբաթ 24 նոյեմբերին ստեղծուած նոր վեց կարդինալներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու իրենց ընկեարցող պատուիրակութեան անդամներուն։

Պօղոս Զ սրահին մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ վերջին երկու օրերու ընթացքին ապրուած յուզումնալից պահերուն որոնք եղան- ըսաւ Ան - ''աղօթքի եւ հաղորդութեան ջերմ պահեր, ապրուած որպէս Տիեզերական Եկեղեցւոյ հայող իրողութիւն մը որ կանչուած է ըլլալու բոլոր ժողովուրդներուն համար յոյսի նշան։''
Պենետիկտոս ԺԶ ապա անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն լեզուներով խօսք մը ուղղեց ներկաներուն, յատուկէն անդրադառնալով (ֆրանսերէնով) վերջերս Լիբանան կատարած իր առաքելական այցելութեան ու քաջալերելով միջին արեւելքի Քրիստոնեաները հաստատ մնալու իրենց հօրենական հողերուն վրայ ու մաղթելով որ անոնք ազատօրէն ապրին իրենց հաւատքը։ Սրբազան Հայրը ապա դարձեալ կոչ մը ուղղեց շրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատումին ի սպաս որ - մատնանշեց Ան - կարելի է իրագործել հիմնուելով ուրիշներու յարգանքի վրայ։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա խօսքը ուղղելով կարդինալներուն վերանորոգեց իր բարեմաղթութիւնները ու զանոնք յորդորեց յարատեւել իրենց հոգեւոր եւ առաքելական առաքելութեան մէջ իրենց նայուածքը միշտ հաստատուն պահելով Քրիստոսի վրայ եւ ամրապնդելով իրենց սէրը հանդէպ Եկեղեցւոյ սուրբերէն օրինակ առնելով։
Իր Ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.