Լոնտոն։ Հայկական Ձեռագիր ու Տպագիր Գիրքերու Ցուցահանդէս՝ Բրիտանական Գրադարանին Մէջ։
Լոնտոնի յայտնի Բրիտանական Գրադարանին մէջ եւ նոյինքն Գրադարանի համագործակցութեամբ
Նոյեմբեր 22-ին ՀՀ Դեսպանութիւնը կազմակերպած էր այդ Գրադարանին մէջ պահուող հայկական
ձեռագիր ու տպագիր գիրքերու ցուցահանդէս` նուիրուած Հայ Տպագրութեան 500-ամեակին, Հայ-Բրիտանական
դիւանագիտական յարաբերութիւններու 20-ամեակին եւ Երեւանի` իբրեւ Գիրքի համաշխարհային
Մայրաքաղաքի հռչակման: Հայկական ձեռագիր եւ տպագիր գիրքերու հիանալի նմուշները ներկայացուած
են Բրիտանական գրադարանի «Գանձատուն» կոչուող սրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին
գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Ցուցահանդէսի
հանդիսաւոր բացումին մասնակցելու համար Լոնտոն ժամանած էր ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ
Պօղոսեան: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի պատգամաւորներ,
ԱԳՆ եւ Լոնտոնի դիւանագիտական Մարմինի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ու
հայ ուսանողութեան ներկայացուցիչներ: Բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած
է Բրիտանական թանգարանի գիտական եւ հաւաքածուներու հարցերով տնօրէն Քերոլայն Պրազիեր:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է ՄԹ Համայնքներու պալատի անդամ, ՄԹ խորհրդարանի մշակոյթի,
գիտութեան, կրթութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ, Բրիտանա-հայկական
համակուսակցական խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Ճոն Ուիթինկտէյլը: Մեծն Բրիտանիոյ
մէջ ՀՀ դեսպան Կարինէ Ղազինեան հանդէս եկած է երախտագիտութեան խօսքով եւ ցուցահանդէսի
մասնակիցներուն հակիրճ ներկայացուցած է հայ գիրքի եւ հայկական տպագրութեան պատմութիւնը:
Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուած է «Ուիկմոր մետիքըլ» ընկերութեան ղեկավար Պետօ Եղիայեանին,
որուն հովանաւորութեամբ հնարաւոր եղած էր իրականացնել այս նախաձեռնութիւնը: Ցուցահանդէսը
պիտի տեւէ մինչեւ 31 Յունուար 2013: