2012-11-26 12:24:28

Voci di Carta ՜՜Թուղթի Ձայներ՝՝ Հատորի Ներկայացումը՝ Ռատիովատիկանի՝ Մարգոնիի Անուան Սրահը։


Երեքշաբթի 27 Նոյեմբերին ժամը 17-ին, Ռատիովատիկանի մուտքին գտնուող՝ Կուլիէլմօ Մարգոնիի անուան սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Անճելօ Բաօլուցցիի՝ Voci di Carta ՜՜՜Թուղթի Ձայներ՝՝ հատորին ներկայացումը, (Վատիկանի հրատարակչատունէն)։
Հատորը կ՝անդրադառնայ մամուլին՝ (գրաւոր մամուլ) կամ ՜՜գրքի՝՝ կարեւորութեան երէկ եւ այսօր, յատկապէս նոր թեքնոլոժիայի ներկայ ժամանակաշրջանին.
Հատորին մէջ էջ մը յատկացուած է նաեւ հայերուն ՜՜Հայ Տպագրութեան՝՝ զոր կը կրէ ստորագրութիւնը գերապայծառ Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Քելեկեանին՝ առաջնորդը Ս. Երկրի եւ Յորդանանի կաթողիկէ հայոց։
Գերապայծառը կը խօսի հայ տպագրութեան 500-ամեակին ու հայ գրքի դերին մասին ՜՜Աստուծոյ խօսքը տարածելու՝՝ գործին մէջ։
Հատորի ներկայացումին խօսք պիտի առնեն Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը՝ Յիսուսեան Հ. ֆետերիքօ Լոմպարտի, Տոքթ Անճելօ Շէլցօ ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդի ենթաքարտուղարը։ Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հատորի հեղինակը՝ Անճելօ Բաօլուցցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.