2012-11-24 13:30:44

Պենետիկտոս Ժզ. Պապը Ընդունեց Նախագահ Սլէյմանը


Պենետիկտոս ԺԶ. պապը երէկ Վատիկանի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կարտինալական ձեռնադրութեան առիթով կը գտնուի Հռոմ:
Հանդիպումէն ետք պապը վերահաստատեց Լիբանանի նկատմամբ իր յատուկ սէրը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն կառչած մնալու ազգային երկխօսութեան ու Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման դրուատեց Վատիկանի կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պապին` Ռայի պատրիարքը կարտինալի աստիճանին բարձրացնելու առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Վատիկանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջերս պապին Լիբանան կատարած պատմական այցելութեան արդիւնքները:
Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի` իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է անոնց հարցերուն լուծման, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդումին:


Հռոմի Մէջ Նախագահ Սլէյման – Ռայի Պատրիարք Հանդիպում
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախանցեալ օր մեկնեցաւ Հռոմ` նախագահելու համար մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի կարտինալական ձեռնադրութեան մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան:
Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց Ռայի պատրիարքը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի եւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի` այդ արարողութեան անձամբ ներկայ գտնուելնուն համար:
Միւս կողմէ, նախկին երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն Ռայի պատրիարքին ի պատիւ սարքեց ընթրիք մը, որուն ընթացքին պատրիարքը մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ դուրս գալ իրեն դէմ նիւթուող տագնապներէն:
Լրագրողներու հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը նշեց, որ իր կարտինալական նշանակումը Վատիկանէն ողջոյն մը կը նկատուի, ինչպէս նաեւ արժեւորում մը Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ անոնց արժէքին:
Լիբանանեան ներքին քաղաքական հարցերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ընդառաջել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ազգային երկխօսութեան կոչին կամ նուազագոյնը ներքին լիբանանեան խորհրդակցութիւններ կատարել:
Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք կողմնակալութիւն չի կատարեր եւ քաղաքական ոչ մէկ խմբաւորում կը պաշտպանէ: Ան նշեց նաեւ, որ եթէ կառավարութեան կազմի փոփոխութեան կարիք կայ, ապա այդ մէկը պէտք է կատարել, սակայն առանց անիշխանութեան մատնելու երկիրը:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի ստանայ կարտինալական իր խորհրդանշանը` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին նախագահութեամբ տեղի ունենալիք արարողութեան ընթացքին: Այս արարողութեան ներկայ պիտի գտնուի 1500 հոգի հաշուող լիբանանեան ընդարձակ պատուիրակութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.