2012-11-24 12:09:12

Հայ Տպագիր Գրատպութեան 500-ամեայ Յոբելեանին Նուիրուած Հանդիսութիւն՝Վիէննայի ՄԷջ։


UNESCO-ի կողմէ Երեւանը 2012-ի գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելուն նուիրուած հանդիսութեան ծիրէն ներս` Նոյեմբեր 22-ին Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ տեղի ունեցած է Հայ տպագիր գիրքի 500-ամեայ յոբելեանին եւ Վիեննայի մէջ Մխիթարեան տպարանի հիմնադրման 200-ամեակին նուիրուած տօնական հանդիսութիւն: (Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը):
Հանդիսութիւնը կազմակերպած են Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը եւ Մխիթարեան Միաբանութիւնը` Վիեննայի Հայ Առաքելական Եկեղեցական վարչութեան օժանդակութեամբ:
Հանդիսութեան ներկայ եղած են՝ Աւստրիոյ նախագահի աշխատակազմի, կառավարութեան, ԱԳՆ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ, Վիեննայի քաղաքապետարանի եւ Վիեննայի շրջանային ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնեաներ, քաղաքագէտներ, հասարակական շրջանակներու, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, Աւստրիոյ, ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի մէջ հաւատարմագրուած աւելի քան 20 երկիրներու դեսպաններ, աւստրիահայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավար եւ շարքային անդամներ, Հայ Աառաքելական Եկեղեցւոյ Հայրապետական պատուիրակ եւ հոգեւոր հովիւ Տէր Անդրէաս քահանայ Իսախանեան եւ եկեղեցական վարչութեան նախագահ Հայկ Ասենպաուըրը:
Հանդիսութեան ծիրէն ներս Մխիթարեան թանգարանին մէջ կազմակերպուած է Հայ հնատիպ գիրքի ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են 1512-էն ի վեր աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ հրատարակուած եւ Միաբանութեան թանգարանին մէջ պահուող հայ գրատպութեան նշանաւոր նմուշները: Դեսպանութեան ջանքերով կազմակերպուած է նաեւ համերգային ծրագիր` Աւստրիայի Կրաց քաղաքի Արուեստներու համալսարանին մէջ 2007-ին հիմնադրուած լարային քառեակի եւ Երեւանէն ժամանած երիտասարդ երգչուհի Էգա Հորսդգայի մասնակցութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.