2012-11-24 12:06:09

Եգիպտոսի Մէջ Նախագահ Մուրսիի Կողմէ Որդեգրուած Իշխանութեան Կեդրոնացման Դէմ՝ Բողոքի Ցոյցեր ։


Եգիպտոսի մէջ երէկ ընդդիմադիր ղեկավարներու հրաւէրով ցոյցեր տեղի ունեցան: Ցուցարարները կը բողոքէին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կողմէ հրապարակուած հրամանագիրին դէմ, որ նախագահին մեծ իրաւասութիւններ կու տայ : Ըստ հրամանագիրին, նախագահին որոշումները որեւէ իշխանութեան( ներառեալ` արդարադատութեան կողմէ՝ կարելի չէ չեղեալ նկատել: Անիկա նաեւ ճամբայ կը հարթէ 2011-ին նախկին վարչակարգին դէմ ըմբոստութեան ընթացքին տեղի ունեցած սպանութեանց համար դատապարտուած անձերը վերստին դատելուն առջեւ:
Ընդդիմադիր ղեկավարներ Սամեհ Աշուր, Մոհամետ Պարատեհի եւ Ամր Մուսա նախագահ Մուրսին ամբաստանեցին «կառավարութեան երեք թեւերը սեփականացնելու» յանցանքով:
Եգիպտական ապահովական ուժերը Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ նստացոյց կատարողներուն դէմ արցունքաբեր ռումբեր օգտագործած են ։Իսկ Եգիպտացի գրագիտուհի Սաքինա Ֆուատ նախագահ Մուրսիի որդեգրած վերջին որոշումներուն դէմ իբրեւ բողոք կը հրաժարեցաւ Մուրսիի խորհրդատու խորհուրդէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.