2012-11-24 11:48:06

2012 Տարին՝ Հայ Տպագրութեան 500-ամեակը.


Հայ գիրքի անդրանիկ տպագրութեան նուիրուած հանդիսութիւն Պէյրութի մէջ։ Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական խմբակին, ուրբաթ 23 Նոյեմբերին, «ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, մասնակցութեամբ՝ երկրորդական դասարաննրու աշակերտութեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ, Սէրլի Պէսիլ նշեց, որ հայ տպագրութենէն 500 տարի ետք, հակառակ հաղորդակցութեան նոր միջոցներուն, համացանցին եւ այլ սարքերուն, գիրքերուն արժէքը կը մնայ անփոխարինելի:Պէսիլ ըսաւ, որ հայութիւնը եւ ի մասնաւորի հայ աշակերտութիւնը պէտք է շարունակէ մտահոգուիլ հայ գիրքով, որովհետեւ դաստիարակութեան, լեզուի զարգացման, նկարագրի կազմաւորումին եւ պատմութեան պահպանման լաւագոյն միջոցն է:
Տեղեկատուական խմբակին կողմէ պատրաստուած հայ տպագրութեան նուիրուած վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, Մարինէ Հալլաճեան ջութակով նուագեց «Կռունկ»ը:
Օրուան պատգամախօսը Հ. Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հայ տպագրութեան պատմական արժէքն ու հայութեան համար կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, որ հայ գիրքը մարդու հոգին կը հարստացնէ եւ միտքը կը զարգացնէ: Իր խօսքի աւարտին, Հայր Մեսրոպ ըսաւ, որ հայ աշակերտը հայ գիրքին հետ երբեք առանձին չէ, եւ յոյս յայտնեց, որ հայ աշակերտը ամբողջական կերպով կ՚արժեւորէ հայ գիրքը` զայն միշտ կարդալով եւ անոր մտերմանալով:
Գեղարուեստական յայտագիրի բ. մասով, Սթեֆանի Պալթայեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը: Հանդիսութեան աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ հայ աշակերտը իր պատմութեան հետ պէտք է ունենայ ամուր կապ,պէտք է հպարտ զգայ, որ ինք հայ է, եւ պէտք է գիտակցի, որ մեծ ժառանգութիւն ունի: Տնօրէնը նշեց, որ տեղեկատուական խմբակի կազմակերպած իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը ոգեւորիչ էր եւ գնահատելի:








All the contents on this site are copyrighted ©.