2012-11-23 12:44:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը:


Ուրբաթ 23 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն ընդունեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Միշել Սլայմանը, որ Հռոմ ժամանած է մասնակցելու համար Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռաի-ի կարդինալական աստիճանի տուչութեան արարողութեան որ տեղի կ՛ունենայ վայը` շաբաթ 24 նոյեմբերին ։

Ժամը 11.15-անց Սրբազան Հայրը ընդունեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւք դասի անդամ 8 եպիսկոպոսներ (երրորդ խումբ) որ ժամանած են Վատիկան հնգամեայ կանոնական այցելութիւն կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ապա ժամը 12-ին Գլեմենթինա Սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց ''Ծովու Առաքելութեան'' Համաշխարհային 23-րդ վեհաժողովի 400 մասնակիցներուն. մինչ յետ միջօրէի ժամը 18-ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնին։

''Ծովու Առաքելութեան'' Համաշխարհային վեհաժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք գաղթականութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիոյին ներկաներուն ըսաւ.
''Այս օրերուն ընթացքին առիթը ունեցաք շօշափելու կարեւոր նիւթեր, ինչպէս Աւետարանի հռչակումը ծովայիններուն, ոչ քրիստոնեաներուն եւ անհաւատներուն օժանդակութիւն ու միջկրօնական եւ համամիութեանական համագործակցութեան ամրապնդում։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց ''Ծովու Հովութեան'' գրասենեակի ստեղծումին, 1922-ին Պիոս ԺԱ օրով, ու ապա ՅՊԲ քահանայապետին ''Սդելլա Մարիս'' իքնգիրով այդ հովութեան հաստատումին։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա վերյիշեց նոր աւետարանութեան նիւթը ծովային աշխարհէն ներս, որ վեհաժողովին խորհրդածութեան կեդրոնական նիւթ եղած է, ընդգծելով որ ժողովականները համապատասխանած են նաեւ ''Հաւատոյ Տարուան'' ի սպաս կոչին ''նոր եռանդ տալու եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ օգնելու Քրիստոսի հաւատացեալները Աւետարանի իրենց յարումը աշխուժացնելու եւ աւելի իրազեկ դառնալու։
Ծովային աշխարհը քրիստոնէութեան սկիզբէն ի վեր եղած է աւետարանութեան արդիւնաւէտ միջոց։ Քրիստոսի առաքեալներն ու անոր աշակերտները կարողացան աշխարհի մէջ տարածել աւետարանը նաեւ նաւարկութեան միջոցաւ։ Այս ծովային աշխարհը համաշխարհայնացումի պատճառաւ այսօր տագնապի մէջ է ու յաճախ ենթարկուած է անարդար իրադաձութիւններու - ըսաւ Սրբազան հարը- ու ապա յատուկէն անդրադարձաւ ծովագնանցնեուն ու անոնց ընտանեկան պատագաներու իրավիճակին անոնց ապահովցնելով Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը։
Հուսկ ճառը եզրափակեց կոչ ուղղելով ներկաներուն ըլլալու ''աւետարանի քարոզութեան հաւատարիմ առաքեալներ ու այս առաքելութեան միջոցաւ ցոլացնելու Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը հանդէպ Աստուծոյ ժողովուրդին այս բեկորին եւս ու ապա ամէն մէկուն մաղթեց ''վերագտնել հաւատքի գեղեցկութիւնը զայն վկայելու համար կեանքի հետեւողականութեամբ''։ Նորին Սրբութիւնը ապա յայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի լուսաւորէ անոնց գործերը եւ որպէսզի ծովու աշխարհի մարդիկը կարենան ճանչնալ Աւետարանը ու առիթը ունենան հանդիպելու Տիրոջ` Յիսուսի, որ է ճանապարհ, ճշմարտութիւն ու կեանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.