2012-11-23 12:16:48

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին "Վանայ Ծովուն Արշալոյսը" Շարժանկարը Կը Ցուցադրուի ԱՊՀ-ի Երկիրներուն Մէջ։


Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Վանայ ծովուն արշալոյսը» շարժանկարը ցուցադրուած է Մինսկի, Քիեւի, Տոնի Ռոստովի ու Գրասնոտարի մէջ: Շարժանկարը արժանացած է հայերու ամենաջերմ ընդունելութեան: Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան խնդիրներու հարցադրումներ ընող շարժանկարը նախաձեռնողներու սպասածին պէս խիստ յուզական ազդեցութիւն ունեցած է հանդիսատեսի վրայ:
«Արտերկրի մէջ ապրող մեր հայենակիցներու փափաքին ընդառաջ ու գիտակցելով, որ «Վանայ ծովուն արշալոյսը» շարժանկարը եւս մէկ քայլ է ազգային ինքնագիտակցութեան պահպանման առումով` նախաձեռնեցինք կազմակերպել այս ծրագիրը»( ըստ Armenpress.am-ի) ըսած է ցուցադրումներու նախաձեռնող` Սփիւռքահայ Ուսանողներու Խորհուրդի Նախագահ Սամուէլ Մկոյեան:
Շարժանկարի իրադարձութիւնները կը կրեն 1915-ի Ցեղասպանութեան հետեւանքները։ Նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Միւս կողմէ առաջին անգամ ըլլալով հայկական շարժանկարի մը մէջ նկարահանուած է նաեւ թուրք դերասանուհի մը , Կիւնըշըղը Զան-ը (Gunisigi Zan)որ մարմնաւորած է գլխաւոր դերակատար Կարապետի թոռան ընկերուհին, որ շարժանկարին մէջ նոյնպէս թրքուհի մըն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.