2012-11-23 16:58:10

Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւնը Հարպոյեան վարժարանէն ներս


Աշխարհի վրայ գտնուող իւրաքանչիւր ժողովուրդ պայքարած է անկախութեան տիրանալու համար: Գրեթէ չկայ ժողովուրդ մը, որ չէ համտեսած օտար տիրապետութեան տակ մնացած ըլլալու դառնութիւնը եւ ապա սուղն ու աժանը զոհած է հասնելու անկախ եւ գերիշխան դառնալու օրուան: Այս է պարագան նաեւ մայրիներու երկիր Լիբանանին, որ երկար տարիներ օտար լուծերու տակ խարխափելէ ետք, պատմութեան մէջ արձանագրած է իր լուսաւոր պատմութիւնը՝ 22 Նոյեմբեր 1943-ին:
Անկախութեան առիթով տեղի ունեցած տօնակատարութիւններէն անմասն չմնաց նաեւ վարժարանիս աշակերտութիւնը, որ չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին ներկայացուց կոկիկ յայտագիրով հանդիսութիւն մը, որուն նախորդած էր արդէն օրուան ընթացքին հայրենասիրական երգերու սփռումը՝ վարժարանի շրջափակէն ներս:
Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք, մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, միանալով վարժարանիս երգչախումբին, պատանի երգիչ Նիքոլա Տըպսի ընկերակցութեամբ երգեցին «Շու Տինաք» երգը: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ա. դասարանէն Թիա Կարապետեան եւ Սագօ Պաղտիքեան ֆրանսերէն ասմունքով՝ ‎ «Liban», իսկ Բ. դասարանէն Սելին Գոգեան եւ Թոմաս Գարլոս՝ «Mon Pays»: Անկախութեան տօնին առիթով գրուած, Լիբանանին, անոր դրօշակին ու բանակին նուիրուած արաբերէն եւ հայերէն բանաստեղծութիւններով ու երգերով ելոյթ ունեցան առաջին, երկրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները, որոնք պարելով, ուրախանալով եւ լիբանանեան աւանադական զաժալով վճռակամօրէն հաստատեցին Լիբանանի մէջ հերոսներու նման անկախ ապրելու գաղափարը։
Օրուան պատգամը փոխանցեց «Արեւելքի Քրիստոնեաներու Համախմբում»ի անդամ, Լիոնի համալսարանէն վկայեալ փաստաբան Պրն. Անթուան Գալայճեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Լիբանան անցած է քաղաքական բազմաթիւ տագնապներէ, սակայն բոլոր ժամանակներուն մէջ մնացած է բոլոր յարանուանութիւններու, մշակոյթներու եւ երկխօսութեան կեդրոնը: Ան կրցած է համախմբել բոլոր քաղաքացիները՝ հաւասարութեան, հաւասարակշռուածութեան եւ պատկանելիութեան ամպհովանիին ներքոյ»: Մեթր Գալայճեան իր խօսքը եզրափակեց լիբանանցիները մղելով «փոխ-յարգանքի հիման վրայ պահպանելու մարդկային համահաւասար իրաւունքներով քաղաքացիներու եւ յաւերժ կանգուն ու գերիշխան Լիբանանը»:
Երգախառն տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ աշակերտները ծանօթացան 1943 թուականի Լիբանանի այն ժամանակուայ քաղաքական դէպքերուն եւ անկախութեան հռչակման առաջնորդող պետական եւ ժողովրդային մակարդակներով առնուած քայլերուն։ Այնուհետեւ, Լիբանանի դրօշը գովերգող եւ երկրին պետականութեան ու բանակին յոյժ կարեւոր դերը վեր առնող խօսքերով ելոյթ ունեցան 8-րդ դասարանէն Ասատուր Պասմաճեան եւ 12-րդ դասարանէն Սարին Չոպանեան: Իսկ յայտագրի աւարտին, վարժարանիս պարախումբը գեղեցիկ բեմականացումով մը ներկայացուց լիբանանեան աւանդական տապքէ պարը:
Հուսկ, բեմ բարձրացաւ տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ յայտնեց, թէ «վիրաւորը Լիբանանը սուղ վճարած է անկախութեան տիրանալու գինը եւ ան տակաւին կը ձգտի հասնելու համար անկախութեան ամբողջական կարգավիճակին»: Ան շնորհաւորեց լիբանանեան հայրենիքին անկախութեան տօնը եւ մաղթեց, որ բոլոր լիբանանցիները միակամօրէն եւ ձեռք ձեռքի տուած կերտեն Լիբանանի պատմութեան փառքը հանդիսացող իսկական անկախութիւնը։ Մեծարգոյ հիւրին, գերյարգելի հայրերուն, ծնողներուն, ձեռնարկը պատրաստող ուսուցիչներուն եւ զայն շատ տպաւորիչ կերպով ներկայացնող աշակերտներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, Լիբանանի անկախութեան 69-րդ ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹ. Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.