2012-11-23 12:12:47

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եգիպտոս Այցելութիւնը ։Տեսակցութիւն Նորընտիր Պատրիարք Թաւատրոս Բ.ի Հետ։


22 Նոյեմբերի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեկնեցաւ Գահիրէ, անձամբ շնորհաւորելու ղպտի եկեղպեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Թաւատրոս Բ.ը: Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի հայոց), Նարեկ Արք. Ալեմէզեան (Միջ–եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ) եւ Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան (Գաւազանակիր):
Օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորելու եկած էին ղպտի Պատրիարքին ներկայացուցիչները:
Ողջունելով Թաւատրոս Բ.ի ընտրութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց ղպտի եւ հայ եկեղեցիներուն դարաւոր բարեկամութեան ու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը նաեւ ընդգծեց Միջին Արեւեքլէն ներս քրիստոնէական միութիւնը գործնապէս արտայայտելու հրամայականը:
Թաւատրոս Պատրիարք ձայնակցելով Վեհափառին առաջարկներուն, անդրադարձաւ երկար տարիներու Վեհափառին ձեռք ձգած փորձառութեան ՝՝միջ–եկեղեցական՝՝ մարզէն ներս, եւ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդհանրապէս Արեւելեան եկեղեցիներու ընտանիքէն եւ յատկապէս Միջին Արեւելքիէն ներս միջ–եկեղեցական գործակցութեան նոր մղում տալու կարիքը:
Կէսօրին Պատրիարքը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տուաւ, որուն ներկայ եղան շուրջ 50 հոգի, արքեպիսկոպոսներ եւ աշխարհականներ:
Նոյն օրն իսկ Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետը վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.