2012-11-22 13:00:23

Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Կ'ողջունէ Սրբազան Քահանայապետին ''Յիսուսի Մանկութիւնը'' Նոր Լոյս Տեսած Հատորը։


Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի` մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին նախագահը ողջունած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''Նազովրեցի Յիսուս'' եռագիրքի 3-րդ հատորը` որ նուիրուած է Յիսուսի մանկութեան։
Հատորը կարդալով, ըսած է կարդինալ Ռավազին կատարելով գիրգի ներկայացումը, կը նշմարենք հեղինակին մտքի պայծառութիւնն ու խոնարհութիւնը։
Գիրքը կը ներփակէ տեղեկութիւններ որ դժուար է գտնել այլ գիրքերու մէջ։ Կարդինալը մատնանշած է որ հատորը կը խօսի թէ պատմական եւ թէ հաւատքի Յիսուսի մասին հաստատելով որ Նորին Սրբութիւնը աշխատած է խաչաձեւել ու նոյնացնել երկու իրականութիւնները։
Ամբողջ հատորը պատմական փնտռտուքի փորձ մըն է։ ''Սրբազան Քահանայապետը աշխատած է Յիսուսը ներկայացնել ոչ որպէս առասպել որովհետեւ Յիսուսի ծնունդը իր յստակ վայրն ու թուականը ունի։''

Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ - Ժոզէֆ Րացինկեր ստորագրութիւնը կրող ''Յիսուսի մանկութիւնը'' վերտառութեամբ գիրքը լոյս տեսաւ 21 նոյեմբերին աւելի քան 50 երկիրներու մէջ։ Այս Գ. հատորով Սրբազան Քահանայապետը կը լրացնէ ''Նազովրեցի Յիսուս'' հաւաքածոն ուր կը պատմուի Յիսուսի կեանքն ու Անոր պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը իր գործը սահմանած է որպէս <<նախաբան Աւետրաններու ընթերցումին>>։
Այս վերջին հատորը նախորդներէն աւելի կարճ է, կազմուած է չորս գլուխներէ, որոնցմէ մէկը ամբողջութեամբ նուիրուած է մոգերուն։ Հատորը հիմնուած է Ղուկաս եւ Մատթէոս աւետարանիչներու վրայ եւ Քահանայապետը վերջաբանին մէջ կը ծանրանայ մասնաւորապէս աւետարաններու մէջ պատմուած Յիսուսի մանկութեան վերջին դէպքի մասին ուր Ան 12 տարեկանին տաճարին մէջ կ'ուսուցանէր։ Դէպք մը որ ամբողջ Աւետարանը լուսաբանող դէպք մըն է։
Նշենք որ <<Յիսուս Նազովրեցի>> հաւաքածոյի առաջին հատորը լոյս տեսաւ 2007-ին եւ նուիրուած էր Քրիստոսւջի կեանքին, մկրտութենէն սկսեալ մինչեւ այլակերպութիւն։ Մարտ 2011-ին լոյս տեսաւ երկրորդ հատորը որ կը ներփակէ Քրիստոսի անցքը Երուսաղեմէն մինչեւ Անոր Յարութիւնը։ Իսկ Վերջինը ինչպէս ըսինք նուիրուած է Յիսուսի մանկութեան։ Այս երեք հատորները ի յայտ կը դնեն Քրիստոսի խոնարհութիւնն ու Անոր անհուն սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.