2012-11-22 12:25:54

ՄԱԿ-ի Կանանց Խորհուրդի Ամենամեայ Տօնավաճառին Մասնակացած է Նաեւ ՀՀ Ներկայացուցչութիւնը.


Ժընեւի մէջ գործող ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է ՄԱԿ-ի Կանանց խորհուրդի (UNWG) կողմէ կազմակերպուած 40-րդ ամենամեայ ՄԱԿ-ի բարեգործական տօնավաճառը, որուն մասնակցած է նաեւ ՀՀ ներկայացուցչութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը: Հայկական տաղաւարը ներկայացուած է հայկական արտադրութեան ապրանքատեսակներով, բազմատեսակ մշակութային յուշանուէրներով, գիրքերով եւ հայկական երաժշտութեան ձայնագրութիւններով: Հայկական տաղաւարը վայելած է տօնավաճառի բազմաթիւ յաճախորդներու ուշադրութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը:
Հայկական ապրանքատեսակներու վաճառքէն ստացուած գումարը փոխանցուած է ՄԱԿ-ի Կանանց Խորհուրդի հիմնադրամ` Խորհուրդին կողմէ իրականացուող բարեգործական ծրագրերու նիւթական աջակցութեան նպատակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.