2012-11-22 12:23:06

Զինադադար՝ Իսրաէլի ու Համասի Միջեւ։ Շատ Կարեւոր Եգիպտոսի ու Ամերիկայի Միջնորդութիւնը։ Վերջապէս Կը Լռեն Զէնքերը։


Երէկ երեկոյեան,տեղական ժամով, ժամը 9:00-էն սկսեալ ուժի մէջ մտաւ պաղեստինցիներուն եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարը, որուն հիմամբ Իսրայէլ կը դադրեցնէ ահաբեկումի գործողութիւնները եւ Կազայի բնակչութեան երթեւեկի աւելի մեծ ազատութիւններ կու տայ:
Զինադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք Կազայի մէջ բազմահազար պաղեստինցիներ փողոց դուրս եկան` տօնելու համար իրենց յաղթանակը:
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի դաշնակից Ուաշինկթըն բուռն կերպով Անգարան քննադատեց Իսրայէլի հասցէին վերջինիս շատ խիստ յայտարարութեանց համար: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իսրայէլը «ահաբեկչական պետութիւն» նկատած էր եւ նշած, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն դէմ «ցեղային մաքրագործման» գործողութիւն շղթայազերծած է:
Քլինթըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ունեցած միացեալ մալմոյ ասուլիսի մը ընթացքին գնահատեց զինադադարի հաստատման համար Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի թափած ջանքերը` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու իրենց գործընկերները աշխատանք պիտի տանին զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքեր թափելու:
Քլինթըն երէկ այցելեց Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Մուրսիի հետ: Նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ անոնք քննարկած են «Կազայի կացութեան մագլցումը կասեցնելու միջոցները, զինադադարի հաստատումը, շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար համապարփակ խաղաղութեան հաստատումի ուղղութեամբ երթի եւ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման հարցերը»:
Հուսկ՝մէկ շաբթուայ բռնութիւնը պատճառ եղաւ 162 Պաղեստինցիներու եւ 5 Իսրայէլացիներու մահուան,ըստ անկախ աղբիւրներու տուեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.