2012-11-21 13:18:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 21 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, շարունակելով հաւատքի մասին իր խորհրդածութիւնները, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Հաւատքը կարող է մեզի ճանչցնել Աստուած ու այլափոխել բոլոր անձերը։
Խորապէս ազդուած Յիսուսի Հոգիի ներկայութեամբ, կարող ենք յաղթահարել մեր եսասիրութիւնը որպէսզի բացուինք մեր գոյութեան իսակական արժէքներուն։
Աստուած անհեթեթ չէ։ Խորհուրդ մըն է, այսինքն իմաստութեան, ճշմարտութեան ու լոյսի յորդութիւն, որ մարդկային իմացականութիւնը կը լուսաւորէ։
Հաւատքը եւ տրամաբանութիւնը զիրար չեն հակասեր այլ անհրաժեշտ պայմաններն են Աստուածային Յայտնութեան պատգամին իմաստը հասկնաելու ։
Հաւատքի եւ Իմացականութեան միջեւ ներդաշնակ կապը շիտակ ուղին է որ կ՛առաջնորդէ Գերագոյն Էակին եւ մարդ արարածի իրականացումին։ Այս իմաստով Քրիստոսի խաչը անտրամաբանական իրադարձութիւն մը չէ այլ փրկարար իրողութիւն մըն է որ կ՛իրականացուի տրամաբանական նոր ձեւով որ հիմնուած է հաւատքի վրայ ։
Եթէ գիտութիւնր թոյլ կու տայ հաւատքին Աստուծոյ ծրագիրը հասկնալու Հաւատքը, իր կարգին թոյլ կու տայ գիտութեան գործելու մարդու բարիքին ու ճշմարտութեան ի սպաս։
Առանց Աստուծոյ մարդը կը կորսուի։ Միայն Քրիստոսը կրնայ մաբողջովին գոհացնել ճշմարտութեան եւ բարիքի իղձը որ ամէն մարդու մէջ կը գտնուի։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց հոն գտնուող հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն նշելով թէ յաջորդ կիրակի օրը Եկեղեցին կը տօնէ <<Յիսուս` Թագաւոր Տիեզերքի>> տօնը։
Սիրելի երիտասարդներ - ըսաւ Ան - Յիսուսը ձեր կեանքի կեդրոնը թող ըլլայ ու անորմէ ստացէք ձեր առօրեայ ընտրանքներուն լոյսն ու քաջութիւնը։ Դուք սիրելի հիւանդներ Քրիստոսէն սորվեցէք տառապանքի արժէքը եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ձեր ընտանեկան կեանքի օրինակով մասնակցեցէք Քրիստոսի խաղաղութեան եւ սիրոյ Արքայութեան կառուցման։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.