Հաւատքը Փոխանցել - 23 Նոյեմբերին Համացանցային Հանդիպում Մը
Քահանայապետական ընկերային Հաղորդամիջոցներու Խորհուրդի ու Լատին Ամերիկիոյ Եպիսկոպոսաց
համահաւաք դասի Խորհուրդի կազմակերպութեամբ ու Լատին Ամերիկիոյ Եկեղեցւոյ տեղեկաբանութեան
ցանցի համագործակցութեամբ, յառաջիկայ 23 նոյեմբերին նախատեսուած է համացանցային հանդիպում
մը որուն նշանաբանն է <<հաւատքը ապրիլ ու զայն փոխանցել ընկերային ցանցի բանալիով>> ։
Վերոյիշեալ ձեռնարկին նպատակն է բաժնեկցիլ զանազան փորձառութիւններ ու ապա ծրագրել
2013 տարուայ օրակարգը։ Համացանցային այս հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն
Քահանայապետկան ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ
Գլաուտիօ Մարիա Զէլլի եւ Լատին Աերիկիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի Խորհուրդի հաղորդակցութեան
գրասենեակի նախագահ`գերապայծառ տալպէրթօ Մարթինէզ։ Հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ episcopo.net
ցանցի միջոցաւ 23 նոյեմբերի յետ միջօրէին հռոմի ժամով 16 - 19 ։ Հանդիպումին Մասնակցելու
համար հարկ է գրանցուիլ riial@pccs հասցէին։