2012-11-21 13:05:30

Արաբական Ծոցի Քրիստոնեայ Համայնքներու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ։


Արամ Ա. կաթողիկոս, ուրբաթ, 16 նոյեմբերի առաւօտեան, վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Քուէյթի, Քաթարի, Պահրէյնի, Օմանի, Սէուտական Արաբիոյ, Տուպայի, Ապու Տապիի եւ Շարժայի մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք Լիբանան կը գտնուէին մասնակցելու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած յատուկ համագումարի մը, եւ որուն նպատակն էր նոյն շրջանին մէջ միջեկեղեցական գործակցութեան մարմին մը յառաջացնել. պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Արաբական Ծոցի շրջանի կաթողիկոսական փոխանորդը՝ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սեդա Խտըշեան՝ տնօրէնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութեան եւ ընկերային արդարութեան բաժանմունքին, խօսք առնելով պարզեց տեղի ունեցած համագումարին նպատակը եւ անոր ընթացքին տրուած որոշումները. յայտնելով որ պատուիրակութեան անդամները այցելած էին վեհափառ հայրապետին` իբրեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին նախագահներէն մէկը եւ միջեկեղեցական հարցերու քաջատեղեակ անձ` ունենալու իր թելադրութիւնները:
Արամ Ա. ողջունելով Արաբական Ծոցի շրջանին մէջ միջեկեղեցական կառոյց մը յառաջացնելու որոշումը, խօսեցաւ Միջեկեղեցական շարժումի առաքելութեան կարեւորութեան մասին. յատկապէս շրջանի մէջ այս դժուար պահերուն, տալով իր թելադրանքները. որմէ ետք ալ պատասխանեց իր կատարած թելադրութիւններուն ուղղութեամբ կատարուած շարք մը հարցումներու:
Յայտնենք, որ Արաբական Ծոցի շրջաններուն մէջ քրիստոնեայ համայնքներու թիւը սկսած է նոր աճ արձանագրել` յատկապէս վերջին տարիներուն: Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի կողմէ հայթայթուած տուեալներուն համաձայն, 65 տարբեր եկեղեցիներու պատկանող աւելի քան երեք միլիոն քրիստոնեաներ կ՛ապրին այդ շրջաններուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.