2012-11-20 11:54:15

Քաղաքագէտներու Համահայկական Խորհրդաժողով՝ Երեւանի Մէջ։


Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «21րդ դարու Մարտահրաւէրները եւ Հայաստանի Անվտանգութեան Հիմնախնդիրները» խորագիրը կրող քաղաքագէտներու եւ միջազգայնագէտներու համաժողով, որուն ընթացքին մասնակիցները կը քննարկեն համաշխարհայնացման աշխարհին մէջ Հայաստանին դիմաց ծառայած մարտահրաւէրները: 19 Նոյեմբերի նիստին Սան Անտրէսի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու փրոֆեսէօր Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը ներկայացուցած է «Հայկական քաղաքականութիւնը Հարաւային Ամերիկայի մէջ» նիւթով զեկոյցը :
Ճգնաժամային պայմաններու մէջ տեղեկատուական ռազմավարութեան երեւոյթները ներկայացուցած է Զուիցերիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի գլխաւոր քարտուղար Սարգիս Շահինեանը:
Քաղաքական վերլուծաբան Արամ Սաֆարեանը անդրադարձած է՝ Հայաստանի մէջ Եւրասիական միութեան հեռանկարներուն եւ քննարկման ուղղութիւններուն:
«Միջուկային Թուրքիա. մարտահրաւէրներ Հայաստանին եւ տարածաշրջանին» զեկոյցը ներկայացուցած է «Նորավանք» գիտահետազօտական կեդրոնի քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնի աւագ փորձագէտ Արա Մարջանեանը:
Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն ժամանած քաղաքագէտ Հրաչեայ Արզումանեանը ներկայացուցած է 21րդ դարու անվտանգութեան տեսանկիւնէ ստեղծուած խառնաշփոթ իրավիճակի մէջ հայկական պետականութեան ուղղուած մարտահրաւէրները:
Հուսկ Հայաստան-Սփիւռք ռազմավարական երկխօսութեան ուղենիշները ներկայացուցած է Քաղաքական Գիտութիւններու Հայաստանեան Միութեան գործադիր տնօրէն Բենիամին Պօղոսեանը:
Զեկուցումներու ներկայացումէն ետք տեղի ունեցած են քննարկումներ, տեսակէտներ եւ առաջարկներ ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները դիմակայելու առնչութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.