2012-11-20 13:24:06

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Երկուշաբթի 20 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 9-ին Հռոմի Լատերանեան համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ <<Ափրիկէ, տեղական զարգացումը` աղքատութեան դէմ պայքարի մղիչ ոյժ>> վերտառութեամբ գիտաժողով մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Պենինի Հանրապետութեան նախագահը՝ Թովմաս Պոնի Եային որ այս օրերուն Վատիկան կը գտնուի եւ որ երէկ հանդիպում ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Սրբազան Քահանայապետին, Վատիկանի Պետական Քարտուղարին ու Վատիկանի արտգործ փոխ նախարարին հետ։
Բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու պետութիւններու միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւններու մասին, ակնարկելով Սրբազան Քահանայապետին Պենին կատարած առաքելական ճամբորդութեան, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դրական ներդրումին երկրի զարգացման ի խնդիր, յատկապէս դաստիարակչական մարզէն ներս։

20 - 23 նոյեմբեր Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Կարդինալ Գիւրտ Գոխը Փարիզի մէջ կը մասնակցի Կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնաժողովի՝ համակարգիչ կոմիտէի ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.