2012-11-20 13:00:06

Պոլսոյ Հայկական "Սուրբ Վարդանանց" Երգչախումբը Բեմ Եկած Միւնիխի Մէջ։


Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքի Յոյն- Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ Պոլսոյ ֆերիգիւղ թաղաշրջանի հայկական «Սուրբ Վարդանանց» երգչախումբը հանդէս եկած է համերգով: Միւնիխի մէջ Պոլսոյ Շիշլիի շրջանի «Սուրբ Վարդանանց» երգչախումբի համերգին մասնակցած են Միւնիխի մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոս Հիտայէթ Էրիշ ը, Շիշլիի հայ փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն ը, Միւնիխի մէջ Յունաստանի Հիւպատոս Սոֆիա Կրամադա ն, Միւնիխի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, Միւնիխի հայկական ու թրքական համայնքի ներկայացուցիչներ:
Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան առաջին հայ փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն համերգի առիթով նշած է, թէ կը փափաքի, որ կրօնական ու ցեղական տարբերութիւններ չդնող «Սուրբ Վարդանանց» Երգչախումբը դիտուի իբրեւ միջ-կրօնական մշակութային շփման օրինակ:
Ըսենք որ փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարընը ու Քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ երկար տարիներէ ի վեր միասնաբար արդիւնաշատ աշխատանք կը տանին իրագործելով գնահատելի ծրագիրներ ու նախաձեռնութիւններ ի խնդիր Պոլսոյ հայաշատ կեդրոնական Շիշլի Թաղաշրջանի բնակիչներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.