2012-11-20 12:21:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Յիսուս Նազովրեցի Գիրքի Ներկայացում.
՜՜Յիսուսի Մանկութիւնը՝՝


Այն ինչ որ գրուած է միթէ՞ ճշմարտութեան կը համապատասխանէ։ Ո՞վ է Յիսուսը։ Ո՞ւրկէ եկած է։ Կամ ինչպէս որ Յիսուս ինքն իր աշակերտներուն հարց կու տայ Մարկոսի աւետարանին մէջ ''իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ''։ Ասոնք են հիմնական հարցադրանքները որոնց կը պատասխանէ Ժոզէֆ Ռացինկէր - Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, իր ստորագրութիւնը կրող <<Յիսուս Նազովրեցի - Յիսուսի Մանկութիւնը>> գիրքին մէջ։ Հատորը, որ այսօր երեքշաբթի 20 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի Պիոս Ժ. սրահին մէջ, մամլոյ ասուլիս մը ընթացքին ներկայացուեցաւ հանրութեան, Վատիկանի եւ Իտալական Րիցցոլի տպագրատուներու հրաւէրով ։
Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի` Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի նախագահը, Փրօֆ. Մարիա Գլարա Պինկեմեր` Րիո Տէ Ժանէյրոյի Կաթողիկէ Համալասրանի Աստուածաբանութեան դասատու, Հայր Ճուզեփփէ Գոսթա `Վատիկանի հրատարակչատան Տնօրէնը եւ Տոքթ Բաօլօ Միելի` Րիցցոլի հրատարակչատան նախագահը։ Մամլոյ ասուլիսը ներկայացուց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին։
Յայտնենք որ Յիսուսի մանկութեան նուիրուած Սրբազան Քահանայապետի այս երրորդ հատորը միւս երկուքէն աւելի համառօտ է. բաղկացած է 4 գլուխներէ.
- Առաջինը նուիրուած է Փրկիչին սերնդաբանութեան ու Յիսուսի ծագումին ու պատմութեան մէջ անոր տեղին ։-Երկրորդ գլուխը նուիրուած է Յովհաննէս մկրտիչի եւ Յիսուսի ծննդեան աւետիսին որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը բացատրէ թէ ինչպէս Աստուած ՜՜կնոջ՝՝ միջոցաւ դարձեալ մուտք կը գործէ աշխարհ, մարդը ազատագրելու մեղքէն։ Ու Մարիամի ազատ կամքով արտասանուած <<այո>> ն սկիզբ կու տայ փրկագործութեան պատմութեան։
Երրորդ գլխուն մէջ, Սրբազան Հայրը կը խօսի Յիսուսի ծննդեան պատմական բնոյթին մասին, մինչ Չորրորդ գլուխը ամբողջութեամբ նուիրուած է ՜՜մոգերուն ու Սուրբ Ընտանիքին փախուստին դէպի Եգիպտոս՝՝։
Հուսկ՝ վերջաբանին մէջ, լայն անդրադարձ մը կայ ՜՜Յիսուսի մանկութեան վերջին իրադարձութեան, երբ ծնողքը Զատիկի արթիւ (ըստ սոսվորութեան) Երուսաղէմ գացած էին ու 12-ամեայ Յիսուսը կը կորսնցնեն ու զայն երեք օր ետք կը գտնեն Տաճարին մէջ։ Իսկ Յիսուս կը զարգանար իմաստութեամբ, հասակով ու շնորհքով Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ։
Գիրքին մէջ Սրբազան Հայրը կը հաստատէ թէ այս հատորը աւետարնը կարդալու <<նախագաւիթ>> մըն է որ կ՛առաջնորդէ աւետարանի ուսումնասիրութեան։
Նշենք որ Յիսուս Նազովրեցի գիրքի Գ. հատորը նուիրուած՝ Յիսուսի մանկութեան, լոյս կը տեսնէ 50 երկիրներու մէջ, 21 նոյեմբերէն սկսեալ զանազան լեզուներով՝ իտալերէն, պրազիլերէն, խրուաթերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, փորթուկալերէն եւ գերմաներէն)։ Յիսուս Նազովրեցի գիրքի առաջին երկու հատորները լոյս տեսած էին 2007 - ին եւ 2011-ին առաջինը նուիրուած Յիսուսի մկրտութենէն մինչեւ անոր այլակերպումը, իսկ երկրորդը Անոր Երուսաղէմ մուտքէն մինչեւ Յարութիւնը։
Մամլոյ Ասուլիսի աւարտին, ժամը 12.15-անց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց իր հրատարակած գիրքի հրատարակչատուներու պատասխանատուներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.