2012-11-20 13:18:06

Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նորընտիր Պապ՝ Թէոտորոս Բ.ի Գահակալութիւնը։


Գահիրէի մայր եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 18 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Անպա Թէոտորոս Բ.ի գահակալութիւնը, բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան: Գահակալութեան արարողութեան մասնակցեցաւ որպէս Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ՝ Կարդինալ Գիւրտ Գոխ, նախագահը՝ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Արեւելքի կաթողիկէ եւ ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին՝ Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսան:
Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած էր Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նոր Պապին, որուն մէջ կը յայտնէ իր խնդակցութիւնը հայցելով անոր վրայ Ամէնազօրին հոգեւոր առատ պարգեւները, որպէսզի զայն ամրապնդէ ու հաստատ պահէ նոր ստանձնած պատասխանատութեան մէջ, առաջնորդելու համար կղերն ու աշխարհականները դէպի սրբութեան ուղին։
Յիշեցնենք որ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նախապէս շնորհաւորագիր մը յղած էր Թէոտորոս Բ. պապի գահակալութեան առթիւ, ու յայտնած էր իր եղբայրական ուրախութիւնը, յաջողութիւն մաղթելով Թէոտորոս Բ. նորընտիր պապին իր առաքելութեան մէջ, ուղիղ առաջնորդելու համար քրիստոնեայ հասարակութիւնը Աստուծոյ, Տիրամօր եւ ամէն սուրբերու օրհնութեամբ:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ աթոռները եւս մասնակցեցան գահակալութեան արարողութեան. Ամենայն Հայոց հայրապետութիւնը կը ներկայացնէին Տաւուշի թեմի առաջնորդը՝ Եզնիկ արք. Պետրոսեան, Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդը՝ Աշոտ եպս. Մնացականեան ու Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնը՝ Յովակիմ եպս. Մանուկեան. իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։
Պատուիրակութեան անդամները նորընտիր պատրիարքին յանձնեցին կաթողիկոսներուն կողմէ առաքուած շնորհաւորագիրները։








All the contents on this site are copyrighted ©.