2012-11-20 13:23:26

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Յիսուսեան Միաբան եւ Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն՝ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր այս շաբթուայ խմբագրականին մէջ անդրադարձաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի անցեալ երկուշաբթի (13 նոյեմբերի) Հռոմի Տարեցներու տան կատարած այցելութեան։
Ծերունի մը Ծերերու միջեւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ինքնաբուխ խօսքեր ուղղեց իր տարեկիցներուն ըսելով թէ << լաւ կը ճանչնար կեանքի այս տարիքի հարցերը դժուարութիւնները եւ սահմանումները>>։
Ի տարբերութիւն իր նախորդին, Սրբազան Հայրը չի բաժնեկցիր հիւանդ ծերունիի իրավիճակը, այլ միայն ծերունիինը ու կը բացատրէ կեանքի այս շրջանի արժէքը որպէս համբերատար համակերպում ծերութեան սահմանումներուն, Աստուծմէ սիրուած ըլլալու գիտակցութեամբ եւ ուրիշներու հետ կիսելու Կեանքի իմաստութիւնը>> ըլլալով Բաց Գիրք մը որմէ նոր սերունդը կարենայ քաղել կեանքի ուղեւորութեան թանկարժէք թելադրանքներ։
Սրբազան Հայրը ապա տարեցներէն կը խնդրէ որ աղօթեն աղքատներուն, խաղաղութեան համար եւ որպէսզի դադրին բռնութիւնները ինչպէս նաեւ աղօթեն եկեղեցւոյ եւ իր դիտաւորութեան։
Ու այս աղօթքը զօրեղ աղօթք մըն է, որովհետեւ ծերունին որ հաւատքով կ՛աղօթէ գիտակից է որ ինք աւելի մօտ է տիրոջ ու սուրբերուն։
Հայր Լոմպարտին հուսկ իր խմբագրականը կ՛աւարտէ գրելով<< մենք պէտք ունինք այս ծերերուն որ մեծ հարստութիւն մըն են։ Ասոր համար պէտք է մեր մէջ գուրգուրանքով պահենք զիրենք, որպէսզի մենք ալ Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին կարենանք բացագանչել <<ծերունի ըլլալը գեղեցիկ է>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.