2012-11-20 13:34:42

ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱԻԵՏԱՐԱՆԱՑՈԻՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆ է


Այսօր մենք կ’ապրինք այնպիսի ժամանակ մը ուր պահանջքը կայ աոողջ եւ սրբակենցաղ հասարակութեան մը : Այս հասարակութեան խորհրդանիշն ու մղիչ ուժը պէւոք է ըլլայ քրիստոնեայ ընտանիքը :
Ընտանիքը այն օրրանն է ուր Աստուած կարծես հայելիի մը ընղմէջէն կը դիտէ իրագործումը իր իսկ սահմանած ամենագեղեցիկ կրկնակի հրաշքներուն՝ կեանք պարգեւել եւ սէր ներշնչել : Ընտանիքը աստուածային յղացում է. ան իւրայատուկ տեղ ունի Աստուծոյ ծրագրին մէջ ինչ կը հայի մարդ արարածին :
Ուրբաթ՝ 1 Յիւնիսի 2012-ին, սկիզբ առաւ ընտանիքներուն յատկացուած եօթներորդ միջազգային համագումարը Միլանօ քաղաքին մէջ, 5.000 ընտանիքներու ներկայութեամբը : Հոն, քրիստոնեայ ընտանիքը ուզեց վկայութիւն տալ իր ամուսնական սիրոյն եւ միութեան :
Ռենեդիկտոս ԺԶ- Սրբազան Քահանայապետը ուզեց իր բացարձակ շեշտը դնել մերօրեայ ընտանիքի կարեւորութեան վրայ, ընդունելով Միլանօ հաւաքուած երիտասարդները եւ ընտանիքներու անդամները :
Ընտանիքին մէջն է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ աոաջին անգամ մարդ արարածը փորձառութիւնը կ’ունենայ իմանալու՝ թէ ինչպէս ինք ստեղծուած չէ ապրելու մեկուսացած, այլ յարաբերութեան մէջ ըլլալու ուրիշներուն հետ :
Քրիստոնեայ ընտանիքը այն վայրն է ուր մէկը միւսին հանդէպ հոգատար է եւ ուր շարժուձեւերն ու խօսքերը շատ կարեւոր են. ուր փոխ օգնութիւն եւ նեցուկ կը ցուցաբերուի. ուր իրար զիրար կը սիրեն, ուր եւ սէրը պարզապէս այն տրամաբանութիւնն է որ կը ներշնչէ եւ ուղղութիւն կու տայ գործնական ընտրութիւններ կատարելու նոյնիսկ երբ իրարու մէջ՝ վէճ եւ անհասկացողութիւն կը տիրէ :
80.000 երիտասարդներու աոջեւ, Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց աշխատանք տանիլ սրբանալու, եւ իրենց յիշեցուց որ «Քրիստոնէական կեանքը ճանապարհ է որ երբեմն զարիվեր է, ուրեմն ոչ հեշտալի, բայց եւ շատ գեղեցիկ վերելք է Քրիստոսի ընկերութեամբ» :
Նոյնպէս, զիրենք հրաւիրեց սնանուելու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդով, մասնակցելու կիրակնօրեայ պատարագին, դիմելու ապաշխարութեան խորհուրդին, որ «մեծ պարգեւ է կեանքի ընթացքին, իմանալու թէ նորէն ազատ եմ, կարող եմ վերսկսիլ, եւ թէ ամէն ինչ ներուած է» :
Ցոյց տալով սրբութեան ճանապարհը, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. «Զանց մի ընէք ձեր ամենօրեայ անձնական աղօթքը : Սորվեցէք զրուցել Աստուծոյ հետ, իրեն վստահեցէք, ըսէք իրեն ձեր ուրախութիւններն ու մտահոգութիւնները եւ խնդրեցէք լոյս եւ նեցուկ ձեր կեանքի ճանապարհին համար » :

Կարեւորագոյն հանդիպումը տեղի ունեցաւ 100.000 անձերու ներկայութեամբ որոնք եկած էին մասնակցելու կիրակի օրուայ հանդիսաւոր պատարագին, եւ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղեց բոլոր ընտանիքներու անդամներուն որոնք եկած էին աշխարհի 153 երկիրներէ :
Արտասանած ճաոին մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց կրօնական եղբայրութիւնները ըլլալու «միշտ աւելի ընտանեսէր, կարողանալ արտացոլալու գեղեցկութիւնը Սուրբ Երրորդութեան եւ աւետարանել ոչ միայն խօսքով այլ նաեւ ապրուած սիրոյ զօրութեան ճառագայթումովը» : «Եկեղեցին միայն չէ կանչուած, աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը, ըլլալու Մէկ Աստուծոյ Երրեակ Անձերուն պատկերը, այլ նաեւ ընտանիքը, հիմնուած մարդու եւ կնոջ ամուսնութեան վրայ», յիշեցնելով որ երկուքը ստեղծուած էին «թէեւ հաւասար արժանապատուութեամբ սակայն ուրոյն լրացուցիչ յատկանիշներով որպէսզի երկուքը ըլլան մէկը միւսին համար գեղեցիկ պարգեւ մը իրականացնելով սիրոյ եւ կեանքի միութիւնը» :
Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց ամուսինները «հոգ տանելու իրենց զաւակներուն, փոխանցելով իրենց ապրելու նպատակը եւ հաւատքի զօրութիւնը» : «Դիւրին չէ ապրիլ ձեր կոչումը յատկապէս այսօր» աւելցուց ան, «բայց սիրոյ կոչումը սքանչելի իրականութիւն է, ան միակ ուժն է որ իրապէս կարող է բարեփոխել աշխարհը» :
Այս սրբութեան եւ հաւատքի ոգիով է որ կարելի կր դառնայ մեր սերունդերը պատրաստել՝ ունենալու համար մարդկային ընկերութիւն մը, ճոխացած արդարութեամբ, սիրով եւ բարօրութեամբ :








All the contents on this site are copyrighted ©.